ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան այցելեց Վանգուվըրի հայ համայնքին

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Խորէն Տիմիթեան, Վանգուվըր կատարած այցելութեան ընթացքին, շարք մը հանդիպումներ եւ այցելութիւններ ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքէն ներս, վերահաստատելով համայնքին հետ սերտ կապերու պահպանման եւ կազմակերպական աշխատանքներու ամրապնդման կարեւորութիւնը։

Այցելութեան ծիրին մէջ, ընկ. Տիմիթեան այցելեց վերջերս մեզմէ յաւետ բաժնուած ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ Վանգուվըրի հայ համայնքի երկարամեայ գործիչ Մարալ Մինասեան-Քիւլլահեանի ընտանիքին։ Ան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Գանատայի դաշնակցական մեծ ընտանիքին անունով ցաւակցութիւններ փոխանցեց հանգուցեալի հարազատներուն՝ արժեւորելով անոր տարիներու նուիրեալ ազգային եւ կուսակցական ծառայութիւնը։

Այցելութիւններու ընթացքին, ընկ. Տիմիթեանին կ’ընկերակցէին ՀՅԴ Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի հերթապահ ընկ. Օհան Կիւրեղեան եւ կոմիտէութեան անդամներ։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը այցելեց նաեւ Վանգուվըրի Հայ կեդրոն եւ ՀՕՄ-ի «Արազ» վարժարանը, ուր հանդիպեցաւ վարժարանի տնօրէն ընկհ. Ազօ Մովսէսեանի, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան հետ։ Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ մօտէն ծանօթանալու հայեցի կրթութեան եւ համայնքային կեանքի պահպանման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։

Ընկ. Տիմիթեան իր հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծեց հայ դպրոցներու եւ ազգային կառոյցներու առանցքային դերակատարութիւնը, յատկապէս նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ համայնքային կեանքի շարունակականութեան ապահովման մէջ։

Ընկ. Տիմիթեան նաեւ ներկայ գտնուեցաւ շրջանի Ս. Գրիգոր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որմէ ետք առիթ ունեցաւ հանդիպելու եւ զրուցելու համայնքի անդամներուն հետ։

Վանգուվըրի այցելութիւնը առիթ դարձաւ վերանորոգելու կուսակցական եւ համայնքային կապերը եւ անգամ մը եւս ընդգծելու, որ կազմակերպուած համայնքային կեանքը, փոխադարձ զօրակցութիւնն ու ազգային հաստատութիւններու շուրջ համախմբումը կը շարունակեն մնալ հայ համայնքի կենսունակութեան եւ ազգային ծառայութեան հիմնական յենարանները։