ԱԱԾ փոխտնօրէն Դաւիթ Սանամեան պաշտօնազրկուեցաւ՝ Շաքիի մէջ ատրպէյճանցի զինուորի ներթափանցումէն օրեր անց

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով՝ զօրավար-մայոր Դաւիթ Սանամեան ազատուած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալի պաշտօնէն։

Սանամեանի հիմնական պատասխանատուութեան ծիրին մէջ կը գտնուէին ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու համակարգումն ու վերահսկողութիւնը։

Անոր պաշտօնազրկումը տեղի կ՛ունենայ Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղին մէջ ատրպէյճանցի զինուորի ներթափանցման ծանր միջադէպէն քանի մը օր ետք։

Ատրպէյճանցի զինծառայող Նասիմի Մուսաեւ ներթափանցած էր Շաքիի բնակելի տուներէն մէկը եւ կրակ բացած տանտիրուհիին վրայ՝ անոր երկու երեխաներուն ներկայութեան։

Վիրաւոր կնոջ քոյրը՝ Արփի Աւետիսեան, յայտնած էր, որ զինուորը պատանդ վերցուցած էր երեխաները, իսկ մայրը զանոնք պաշտպանելու ընթացքին կորսնցուցած էր ձախ ձեռքի երեք մատները։ Կինը նաեւ բազմաբեկոր վնասուածքներ ստացած էր։

Մուսաեւ Ուրբաթ օր կալանաւորուած էր Հայաստանի սահմանը ապօրինի հատելու, զէնքի մաքսանենգութեան, զէնքի գործածութեամբ առողջութեան ծանր վնաս պատճառելու, հրազէնի ապօրինի շրջանառութեան եւ բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը խախտելու մեղադրանքներով։

Պաքուի փոխանցմամբ՝ Մուսաեւ սեպտեմբեր 26-ին ինքնակամ լքած էր Լաչինի մէջ տեղակայուած իր զօրամասը։ Սակայն Երեւանի եւ Պաքուի պաշտօնական պարզաբանումներէն մինչեւ օրս յստակ չէ, թէ ան ճիշդ երբ հատած է Հայաստանի սահմանը եւ քանի օր ազատօրէն շրջած է Սիւնիքի տարածքին մէջ՝ մինչեւ Հոկտեմբեր 1-ին իր ձերբակալութիւնը։

Միջադէպը լուրջ հարցեր առաջացուցած է Հայաստանի հարաւային սահմաններու պաշտպանութեան եւ սահմանապահ վերահսկողութեան արդիւնաւէտութեան շուրջ։