Եղիսաբեթ Չուլճեան. Սփիւռքի պատասխանը պէտք է ըլլայ գործը՝ ի պաշտպանութիւն հայկական շահերուն
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի հաղորդակցութեան բաժանմունքի պատասխանատու Եղիսաբեթ Չուլճեան յայտարարեց, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Սփիւռքի եւ համահայկական կառոյցներու դէմ ուղղուած քաղաքականութիւնը չի կրնար սահմանափակել Հայ Դատի աշխատանքը։ Սփիւռքի պատասխանը պէտք է ըլլայ աւելի հետեւողական եւ կազմակերպուած աշխատանք՝ հայկական շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։
«Պրեսսինգ» հաղորդաշարի ընթացքին Սաթիկ Սէյրանեանի հետ զրոյցին Չուլճեան ներկայացուց Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի աշխատանքը՝ յիշեցնելով, որ ան ներկայութիւն ունի աւելի քան 30 երկիրներու մէջ, շուրջ 100 ներկայացուցչութիւններով եւ 15 գրասենեակներով։ Հայ Դատի առաջնահերթութիւններուն շարքին կը մնան Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը, արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքը, Ատրպէյճանի ռազմականացման ֆինանսաւորման սահմանափակումը եւ արցախահայութիւնն ու բովանդակ հայ ժողովուրդը յուզող շարք մը այլ հարցեր։
Անդրադառնալով Սփիւռքի, Հայ Դատի, ՀՅԴ-ի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ հնչող յարձակումներուն՝ Չուլճեան զանոնք կապեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական համազգային կառոյցներուն վրայ բանեցուող ճնշումներուն հետ։ Ան ընդգծեց, որ այդ պայմանները պատճառ չեն նահանջելու. Հայ Դատի քաղաքական աշխատանքը պիտի շարունակուի՝ անկախ Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած դիրքորոշումներէն։
Հայ գերիներու հարցով Չուլճեան անդրադարձաւ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ տարուող աշխատանքին։ Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ գործակցիլ քոնկրէսականներու հետ՝ պահանջելով, որ Պաքուի մէջ պահուող հայերու ազատ արձակումը առանցքային հարց դառնայ ԱՄՆ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ։ Փակ դռներու ետին տարուող բանակցութիւնները մինչեւ այժմ չեն ապահոված գերիներու վերադարձը, եւ այդ հարցը պէտք է աւելի բաց ու հետեւողական կերպով դրուի ամերիկեան իշխանութիւններուն առջեւ։
TRIPP ծրագիրին անդրադառնալով՝ Չուլճեան շեշտեց, որ տակաւին անպատասխան կը մնան անոր գործարկման, մասնակցող ընկերութիւններուն եւ Հայաստանի անվտանգութեան վրայ հնարաւոր ազդեցութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր։ Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ հետապնդել այդ հարցերը՝ պահանջելով յստակ երաշխիքներ, որ Հայաստանի տարածքով անցնող որեւէ հաղորդակցութիւն ամբողջութեամբ գտնուի Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքեւ։
Չուլճեան խօսեցաւ նաեւ Նոյեմբերին կայանալիք ամերիկեան ընտրութիւններուն Հայ Դատի մասնակցութեան մասին։ Յանձնախումբը քաղաքական աշխատանք կը տանի շարք մը ընտրապայքարներու մէջ եւ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ այն թեկնածուներուն, որոնց քաղաքական կամ տնտեսական կապերը կը համընկնին Ատրպէյճանի շահերուն հետ։ Ան այս ծիրին մէջ առանձնացուց Թեքսասի քոնկրէսական Հենրի Քուէլարի եւ Նիւ Հեմփշիրի Ծերակոյտի հանրապետական թեկնածու Ճոն Սունունուի պարագաները։
Եզրափակելով՝ Չուլճեան շեշտեց, որ Սփիւռքը պիտի շարունակէ ինքնուրոյն կերպով առաջ մղել հայկական օրակարգը, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները այդ հարցերուն հետամուտ չեն։ Այդ աշխատանքին առանցքը կը մնան Հայաստանի անվտանգութիւնը, Արցախի իրաւունքները, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հայկական շահերու պաշտպանութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ։