Հայ Դատի յանձնախումբերու համահայկական խորհրդաժողով աւարտեց իր աշխատանքները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, սեպտեմբեր 25-28-ին Երեւանի եւ Աղվերանի մէջ գումարուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցի հերթական համահայկական խորհրդաժողովը՝ մասնակցութեամբ աշխարհի շուրջ երեսուն երկիրներու մէջ գործող կառոյցներու ներկայացուցիչներուն։
Խորհրդաժողովի աշխատանքներու մեկնարկէն առաջ պատուիրակները այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն, իսկ խորհրդաժողովի աւարտին հանդիպում ունեցան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ՝ ստանալով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին՝ ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ։
Խորհրդաժողովի օրերուն հանդիպումներ տեղի ունեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Աշխատանքային օրակարգը ընդգրկեց Հայաստանի ներքաղաքական շարք մը զարգացումներու վրայ արտաքին ազդեցութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին եւ անվտանգային միջավայրին մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացները։
Մասնակիցները հանգամանալից քննեցին Հայաստանի յարաբերութիւններն ու ներկայ բանակցային գործընթացները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու եւ կապակցուածութեան տարբեր ծրագիրները, ինչպէս նաեւ այդ գործընթացներուն մէջ միջազգային ուժային կեդրոններու ներգրաւուածութիւնը։
Խորհրդաժողովին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ անկախ Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումներէն եւ Հայ Դատի կառոյցներուն նկատմամբ գործադրուող ճնշումներէն, Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը՝ Հայաստանի համար արտաքին զօրակցութիւն ապահովելու եւ միջազգային յարաբերութիւններու դաշտին մէջ հնարաւորինս նպաստաւոր պայմաններ ձեւաւորելու ուղղութեամբ։
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Արցախի հակամարտութեան խորացած հետեւանքներուն եւ Հայ Դատի համակարգի համապատասխան քաղաքական առաջնահերթութիւններուն։ Քննարկումներու կիզակէտին էին արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրագործումը, հայ գերիներու վերադարձը, Արցախի պետական կառոյցներու սատարումը, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու անոնց միջազգային մարդասիրական օժանդակութեան ապահովումը։
Քննարկուեցան նաեւ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները՝ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Երուսաղէմի հայկական թաղամասի պաշտպանութեան հարցին։
Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ նաեւ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի հզօրացման եւ երիտասարդութեան քաղաքական ներգրաւուածութեան ընդլայնման միջոցներուն։ Քննարկուեցան երիտասարդական կրթական ծրագիրներու զարգացումը եւ սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքական փորձառութիւն, կայացում եւ առաջընթաց ապահովող կարելիութիւններու ստեղծումը։
Համահայկական խորհրդաժողովը վերահաստատեց Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցին զօրակցութիւնը Հայաստանի անկախ պետականութեան եւ հայութեան խախտուած իրաւունքներու վերականգնման պայքարին՝ առաջնահերթ նկատելով հայ ժողովուրդի համապարփակ շահերը եւ իբրեւ հիմնական նպատակ ունենալով անկախ եւ շարունակաբար հզօրացող հայկական պետականութեան ամրապնդումը։