Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Հայ Դատի աշխատանքը պիտի շարունակուի կրկնապատկուած վճռակամութեամբ»
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովի պաշտօնական բացման ընթացքին Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւնները։
Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ երկու տարին անգամ մը գումարուող խորհրդաժողովը առիթ է արժեւորելու անցնող շրջանի աշխատանքները, քննարկելու միջազգային ու հայրենի փոփոխուող պայմանները եւ ճշդելու յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները։
Ան ընդգծեց, որ Հայ Դատի աշխատանքը հիմնականօրէն կը կեդրոնանայ Հայաստանի եւ Արցախի շահերու պաշտպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու հատուցման գործընթացին, Սփիւռքի հայութեան իրաւունքներու պահպանման եւ երիտասարդութեան քաղաքական մասնակցութեան խթանման վրայ։ Արցախի հարցով ան առանձնացուց բռնի տեղահանուած հայութեան վերադարձի իրաւունքը, հայ գերիներու ազատ արձակումը, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ Արցախի դէմ գործուած յանցագործութիւններու միջազգային պատասխանատուութեան հարցը։
Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն՝ նշելով, որ 2020-ի պատերազմէն ետք նախկին համադրումի մթնոլորտը ամբողջովին խզուած է։ Ան խիստ քննադատութեան ենթարկեց իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը՝ Արցախի հարցին, ազգային արժէքներուն, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Սփիւռքի նկատմամբ անոնց որդեգրած կեցուածքներուն համար։
Ան շեշտեց, որ հակառակ ստեղծուած դժուարութիւններուն, Հայ Դատի ցանցը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը միջազգային քաղաքական եւ դիւանագիտական հարթակներու վրայ։
«Մենք ընկրկողը չենք», յայտարարեց Տէր Խաչատուրեան՝ ընդգծելով, որ իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, իսկ պետութիւնը՝ մնայուն։ Ան եզրափակեց, որ Հայ Դատի աշխատանքը պիտի շարունակուի «անվարան ու կրկնապատկուած վճռակամութեամբ»՝ մինչեւ ազգային նպատակներու իրագործումը։