Գեղամ Մանուկեան. «Իշխանութիւնը կը փորձէ Ալիեւի բարեհաճութիւնը շահիլ՝ զիջողական քաղաքականութեամբ»
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան, 44-օրեայ պատերազմի մեկնարկի վեցերորդ տարելիցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան՝ ըսաւ, որ անոնք կը փորձեն իրենց դիրքերը պահպանել՝ զիջողական կեցուածք ցուցաբերելով Ատրպէյճանի նկատմամբ։
Մանուկեանի ըսաւ, որ իշխանութիւններու վարքագիծը կը յիշեցնէ «ծեծուած եւ նուաստացած իշխանութեան» մը կեցուածքը, որ կը յուսայ Ալիեւի բարեհաճութեան արժանանալ՝ շարունակաբար զիջելով։ Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան քայլերը հակառակը կը փաստեն։
Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին՝ Մանուկեան յայտարարեց, որ հայ ժողովուրդը պատերազմին աւելի պատրաստ էր, քան Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը, որուն գործունէութիւնը մեծ մասամբ կեդրոնացած էր քարոզչութեան եւ ինքնաներկայացման վրայ։
Ան նաեւ քննադատեց պատերազմի ընթացքին թիկունքի կազմակերպումը եւ իրաւապահ համակարգին աշխատանքը՝ նշելով, որ անհրաժեշտ կարգապահութիւն ապահովելու փոխարէն իշխանութիւնները զբաղած էին լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու օգտատէրերու նկատմամբ սահմանափակումներով ու տուգանքներով։
Մանուկեան անդրադարձաւ նաեւ 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները քննող խորհրդարանական յանձնաժողովի զեկոյցին՝ նշելով, որ այն չի հաստատեր իշխանութիւններուն կողմէ շրջանառուած «հինգերորդ շարասեան» մասին պնդումները։
Պատգամաւորը նաեւ մերժեց ընդդիմութեան՝ ռազմական գործողութիւններուն խոչընդոտած ըլլալու վերագրումները՝ շեշտելով, որ ընդդիմադիր գործիչներ գտնուած են առաջնագիծին եւ Արցախի մէջ ու պատրաստ եղած են աջակցելու պետութեան՝ ռազմական յաջողութեան հասնելու նպատակով։
Անդրադառնալով ներկայի իրավիճակին՝ Մանուկեան ընդգծեց, որ Հայաստանի արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւնը չի կրնար կառուցուիլ Պաքուէն բարեհաճութիւն ակնկալելու վրայ։