Հայութեան hոգին ըստ Մաղաքիա Վրդ․ Օրմանեանի (Վերջ)
- (0)

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ․ Ք․ Գ․
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Օրմանեան վարդապետի բանախօսութիւնները ջանացած են համադրել հայութեան դարաւոր հոգին, անոր առաքինութիւնները «ձիրք»երը կամ դրական յատկութիւնները ցոյց տալով՝ իբր ստանձնուելիք, որպէսզի կարելի ըլլար ներկային հոգ տանիլ, ծաղկեցնել զայն, եւ պտուղներով արդիւնաւորել, թէ՛ անհատական, եւ թէ հաւաքական պատասխանատուութեամբ։
Ան երբեք հայութեան հոգին չէ ըմբռնած որպէս միակողմանիօրէն ներգործող բացարձակ զօրութիւն մը։ Խորհած է, թէ իւրաքանչիւր հայ անոր «մէկ մասը» ունի իր ներսիդին, մաս մը՝ որ ընդհանրական հոգիէն կտորուանք մը չէ, այլ իր մէջ բովանդակող ընդհանրականին ձիրքերը կամ դրական յատկութիւնները, սակայն պէտք է որ ամէն մէկ անդամը հայութեան զայն իւրացնէ եւ ստանձնէ, եւ անոր համար իր բաժինը բերէ համբերութեամբ, իմաստութեամբ, շրջահայեցութեամբ, պատասխանատուութեամբ, մեծահոգութեամբ․․․։
Ան «հոգի»ն չէ ըմբռնած հոգեբանական առումով։ Կամ՝ հաւաքական կամ համամարդկային անգիտակիցի աշխարհ մը, ինչպէս պիտի տեսաբանէր 20-րդ դարուն հոգեվերլուծող Գարլ Կիւսթաւ Եունկ։ Ըստ վարդապետին, հայութեան հոգին բարոյական երեւոյթ էր, շինուածք մը։ Ուստի՝ անիկա իր լինելութիւնը շարունակելու համար՝ հանգունատիպ բարոյական կը պահանջէր, վերաշինում շինուածքին։
Ինչպէս նախապէս պարզեցի, իր ժամանակ հայութիւնը «խեղճ վիճակի մը մէջ» էր։ Ցիր ու ցան եւ սփռեալ «ընդ ամենայն երեսս երկրի», այսինքն՝ աշխարհով մէկ։ Թէեւ մեծամասնութիւնը տակաւին կը գտնուէր Հայաստանի գաւառներուն մէջ։ Այն մեծամասնութիւնը թշուառութեան, աղքատութեան, ունեզրկման եւ կեղեքման մէջ էր։ Յուսացած էր, որ «համաշխարհական դաշնագրօք» որոշումները՝ սուլթանին «բարեսիրտ» կամքով ի գործ պիտի դրուէին․․․։ Մինչեւ այն երջանիկ օրը, եւ անկէ յետոյ՝ ի՞նչ պէտք է ընէր հայութիւնը։
Հայութեան ծառին զանազան վերընձիւղումներուն (կրօնական-եկեղեցական, լեզուագիտական, դաստիարակչական, գրական, գիտական, վարչական եւայլն) ակնարկելով՝ անոնց համար «բողբոջ»ներ փոխաբերութիւնը գործածած է։ Անոնք թէ քիչ էին, թէ՝ տկար եւ յողդողդուն, եւ թէ՝ «դիւրաթարմ եւ արագախամուր» ըլլալու ենթակայ։ Արդ, իւրաքանչիւր հայ իր պարտքը կատարելու էր։
Վարդապետը ասիկա արձանագրելէ ետք, ըսած է՝ թէ տակաւին անհնար էր հայոց փրկութիւնը իրականացնել, քանի որ անոնք կարօտ էին «արտաքին միջոցներու առատանալուն»։ Գրած է․ «Ես նիւթական միջոցաց խօսքը պիտի ընեմ, որովհետեւ ճշմարիտը խօսելով՝ ստէպ ամէնէն վերացական եւ ամէնէն աննիւթական խնդրոյ վրայ վիճած կամ յոգնած ատեն, խօսքն ու գործը կ’երթայ այն նիւթական միջոցին վրայ կը յանգի»։ Նիւթական միջոցներու առատանալուն խօսքը ընելով՝ միայն հարուստներուն վրայ չէ սեւեռած իր նայուածքը, միայն անոնցմէ չէ սպասած՝ որ բարերարութիւններ կատարեն։ Յիշած է, թէ հարուստներ եղած են, կային, որոնք իրենց նեդրումը ունեցած են եւ կ’ունենային, որ ազգութեան մեքենային անիւը դառնար։ Մաղթած է, որ այնպիսիները շատնային։ Թէպէտ նոյնիսկ եթէ շատնային՝ դժուար էր այնչափ եւ այնպիսի հարուստներ գտնել, որոնք «հազարաւոր եւ բիւրաւոր դահեկանաց նուիրատուութեամբ» գոհացնէին հայութեան պէտքերը։
Միայն հարուստներով կարելի չէր դարձնել ազգութեան մեքենային անիւը․ մանաւանդ Հայաստանի գաւառներուն դժբախտ հայութեան վերականգնումը, որ իրեն համար առաջնահերթ կարեւորութիւն մը ունէր։ Արդ, թէ՛ հայութեան մեքենային համար ընդհանրապէս, եւ թէ յատկապէս՝ գաւառներուն համար պէտք էր մտածել այլ միջոց մը, «դիւրընտել» եւ «գործնական» միջոց մը։ Ասոր համար պատկերաւոր բացատրութիւն մը գրի առած է։ Ահա կը մէջբերեմ․
«Գիտեմք, թէ յորդեալ հեղեղք առատաջուրք թումբերը կը քակեն եւ ամբարտակները կը խորտակեն, շինուածներ կը տապալեն․․․ չկայ զօրութիւն մը արուեստական եւ բնական, որ անոնց դէմ կարենայ դնել։ Այդ յորդեալ հեղեղք այդպէս յորդեալ ո՛չ երկինքէն կ’իջնեն, եւ ոչ տեղէ մը կը բխին, կամ երկինքէն իջած կաթիլներու գումարումն են, կամ թէ մանր ականց եւ աննշանակ առուակներու միացում, եւ այսպէս լինելով իսկ՝ ամենայնի յաղթող կը հանդիսանան․․․ Կաթիլ մը ջուրն իսկ, ուրեմն, մեծ զօրութեան սկզբունքն է․ այս սկզբան հետեւիմք եւ մեք»։
Իմաստուն էր վարդապետին յորդորը։
Թէ պիտի արդիւնաւորուէ՞ր։ Հաստատ «կաթիլ»ները պիտի շատնային, բայց հեղեղ մը պիտի չըլլային։ Ամենակատարեալ ունկնդրութեան պարագային անգամ՝ ինչպէ՞ս ըլլային, երբ գերութիւնն էր եւ ոճրագործ կիրք մը ատելութեամբ կը շրջէր, ու պիտի բերէր կոտորածներն ու Մեծ Եղեռնը, եւ՝ արմատախլէր ու տարագրէր։
Բայց յորդորը, որ փորձառութեան մը իմաստութիւն էր, կը տեսնենք թէ՝ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, հոն ուր վերականգնումի ջանքեր ի գործ դրուած են եւ կը դրուին, ի յայտ եկած է միշտ եւ ի յայտ կու գայ, ինչպէս փորձառութիւնները կ’ըսեն։ Ուրեմն, հայութեան հոգիին շինուածքը զայն եւս ունէր/ունի իր դրական յատկութիւններուն իրացման միջոց։
«Համեստ քսակ»ներուն (թէ՛ նիւթական առումով, եւ թէ՝ փոխաբերական, միաժամանակ) կաթիլներն են, որ բազմանալով՝ հեղեղի կը վերածուին։ Բայց ինչ-ինչ պատճառներով, որոնց թուարկումը երկար է, ցարդ Սփիւռքի մէջ հեղեղը չէ կազմուած, սակայն ասդ-անդ գետեր կան․․․ հեղեղը անկարելի երեւակայութիւն մը չէ այնքան ատեն, որ հայութեան հոգին կը ձգտի վերաշինումէ վերաշինում երթալ․․․։
(Վերջ)