ՔՊ-ի պատգամաւորներն ու կառավարութեան ներկայացուցիչները լքեցին արցախցիներու խնդիրներուն նուիրուած քննարկումը

ԵՐԵՒԱՆ.- 23 սեպտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ արցախցիներու ընկերային-տնտեսական եւ իրաւական խնդիրներուն նուիրուած քննարկում՝ ԱԺ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ։

Քննարկումէն շուրջ կէս ժամ ետք «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի պատգամաւորներն ու կառավարութեան ներկայացուցիչները լքեցին դահլիճը՝ առարկելով «Արցախի խորհրդարանի ներկայացուցիչներ» եւ «Արցախի խմբակցութիւններ» ձեւակերպումներուն։ ՔՊ-ական պատգամաւոր Մարիամ Պօղոսեան յայտարարեց, որ իրենք չեն ընդունիր Հայաստանի մէջ «երկրորդ պետութեան» գոյութեան վերաբերող որեւէ ձեւակերպում։

Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Արա Ղազարեան արձագանգեց, որ նման մօտեցումը իրեն կը յիշեցնէ միջազգային կառոյցներուն մէջ Ատրպէյճանի պահանջները՝ Արցախի հայկական տեղանուններն ու պետական մարմիններու փաստաթուղթերը չօգտագործելու վերաբերեալ։ Ան նշեց, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը տարիներ շարունակ մերժած է նման պահանջներ։

Քննարկման ընթացքին հիմնական հարցերուն շարքին առանձնացուեցան արցախցիներու բնակարանային ապահովումը, գործազրկութիւնը, քաղաքացիութեան ձեռքբերման երկարատեւ ընթացքը եւ բարձրագոյն կրթութեան ոլորտին մէջ համարկման դժուարութիւնները։

«Արցախ» միութեան ղեկավար Արտակ Բեգլարեան յայտնեց, որ արցախցիներուն մէջ աղքատութեան մակարդակը կը հասնի 60-70 առ հարիւրի, իսկ աշխատունակ բնակչութեան զգալի մասը անգործ է։ Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց արցախցիներուն նկատմամբ ատելութեան խօսքի եւ անոր նկատմամբ պետական արձագանգի բացակայութեան կապակցութեամբ։

Յանձնաժողովի նախագահ Լիլիթ Գալստեան ընդգծեց, որ բռնի տեղահանուած արցախցիներու ընկերային, տնտեսական եւ իրաւական խնդիրները կը մնան խոր եւ համատարած ու կը պահանջեն շարունակական պետական ուշադրութիւն։