Լիբանանի Հանրապետութեան նորընտիր դեսպանի ընդունելութիւն Օնթարիոյի մէջ
- (0)

ԹՈՐՈՆԹՕ.- Գանատայի մէջ Լիբանանի hանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Պաշիր Թաուքին ի պատիւ, շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2026-ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն-հանդիպում։ Հանդիպումին նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ նորանշանակ դեսպանին եւ Թորոնթոյի լիբանանեան համայնքին, ինչպէս նաեւ ամրապնդել համայնքներուն միջեւ կապերն ու գործակցութիւնը։
Գանատայի մէջ Լիբանանի դեսպանատան եւ Lիբանանեան մշակութային համաշխարհային միութեան (WLCU) համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. տէր Տաթեւ ա. քհնյ. Միքայէլեանն ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ։
«Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէն ու Ս. Աստուածածին եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութեան հետ դեսպանը ունեցաւ առանձին հանդիպում, որու ընթացքին փոխադարձաբար ընդգծուեցաւ գործակցութիւնը շարունակելու եւ զարգացնելու պատրաստակամութիւնը։
Այս առիթով դեսպան Պաշիր Թաուք հրաւիրուեցաւ այցելելու Հայ կեդրոն՝ մօտէն ծանօթանալու Գանատայի լիբանանահայ համայնքին եւ Հայ կեդրոնի տարած կրթական, մարզական, բարեսիրական ու հոգեւոր լայնածաւալ գործունէութեան։