ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի Ամէնօրեայ Վարժարանի 48-րդ վերամուտ
- (0)

ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀՆՉԵՑ
Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի «Ռուբինա» Մանկամսուրի, Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Լափոյեան Երկրորդական Վարժարանի 48-րդ վերամուտի զանգը հնչեց երեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին։ Տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը, աշակերտութիւնն ու ծնողները վերադարձան նպատակաուղղուած աշխատանքի։
Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը, իր 718 աշակերտներով եւ 85 անձնակազմի անդամներով ու պաշտօնեաներով, թորոնթոհայ միակ ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւնն է, որ առաւելագոյն ճիգերով կը շարունակէ իրագործել հայապահպանման իր վեհ առաքելութիւնը։
Վարժարանի Ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան թորոնթոհայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու եւ ներկայացուցիչներու, վարժարանի տնօրէնութեան եւ Կրթական Մարմինին կողմէ։ Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի, Հ.Օ.Մ.-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի եւ Շրջանային վարչութեան, Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող քոյր միութիւններու եւ Սբ. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները։
Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Գարեգին Ծ. Վարդապետ Շխրտմեան բարի գալուստի խօսքով եւ աղօթքով սկսաւ բացման արարողութիւնը։
Վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը եւ 2026-2027 ուսումնական 48-րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց։
«Այս տարի առաւել եւս խանդավառութեամբ կը բանանք մեր դռները։ ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէութեան եւ իր կեանքի կոչած տասնեակ մը յանձնախումբերու անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ՝ մեր օրէ օր ուռճացող գաղութի կարիքները գոհացնելու եւ նոր թափ տալու անոր վերելքին, յաղթականօրէն ծնունդ առաւ Նարեկ Հայ Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնը՝ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի 7-րդէն 12-րդ դասարաններու նոր տունը։ Ահաւասիկ պատմական եւ անկիւնադարձային օր մը եւս սփիւռքահայութեան համար»։
Վարժարանի 48-րդ տարեշրջանի սեմին, պարոն Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ մեր վարժարանի վերելքին սատարող նախկին եւ ներկայ բարերարները, անձնակազմն ու կամաւորները։
Ան նաեւ աւելցուց, թէ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի ապրած դժուար օրերուն կրկնակի կարեւոր կը դառնայ հայ վարժարանը կանգուն եւ ծաղկուն պահելը Սփիւռքի մէջ։
«Սիրելիներ, հայ վարժարանի վերամուտը յաղթանակի օր է։ Երբ դռները բանանք այս եւ բոլոր աշխարհասփիւռ հայ վարժարաններուն, հայը եւս կը յաւերժանայ ոչ միայն իր անցեալի փառքերով, այլեւ՝ շնորհիւ անոր զաւակներուն, որոնք, յառած հայ վարժարանի գիրկը, կը հաղորդուին իրենց անցեալին հետ եւ, ինքնաճանաչութեամբ օժտուած ու յանձնառու, կ՚աշխատին կերտել փայլուն ներկայ եւ ապագայ»։
Վարժարանի Կրթական Մարմինի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեան յայտնեց, որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, բան մը, որ կը պարտի անցեալի եւ ներկայի տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր, որպէսզի վարժարանը յաջողի ջամբել գերազանց ուսում, տիպար նկարագիր եւ ազգային ու հայկական գիտակցութիւն՝ դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Սբ. Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ ուղեկից միութիւններուն՝ կրթական այս օճախի վերելքին ցուցաբերած իրենց շարունակական եւ անվերապահ աջակցութեան ու հոգատարութեան համար։
Ան անդրադարձաւ նաեւ Նարեկ Հայ Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնի անկիւնադարձային նախաձեռնութեան, որուն շնորհիւ տարիներ շարունակ կարելի պիտի ըլլայ շարունակել հայ լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը պահպանելու մեր առաքելութիւնը։
Հայր Գարեգին Ծ. Վարդապետ Շխրտմեանի, Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանի, Տէր Հայկ Քահանայ Շահինեանի եւ Վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի Տէրունական աղօթքով ու «Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի 48-րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ ետք հոգեւոր հայրերը օրհնեցին Սբ. Աստուածածին Եկեղեցւոյ նուիրած հայկական խաչերը, որոնք պիտի զետեղուին դպրոցի դասարաններուն մէջ։
Ապա աշակերտները, ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ, ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու համար։
Վերամուտի արարողութենէն մասեր կարելի է դիտել «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի YouTube-ի էջին վրայ (HorizonTV Toronto)։
Տնօրէնութիւն