Ապրուած օրեր. Բ. Մեծ հօրս մեծ հին ռատիոն
- (0)

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Ընթերցողին:
«Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր:
Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել զանոնք: Յուսամ` անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

Տասը տարեկան էի: Երբեմն մեծ հօրս քիւրտ գործաւորներէն մէկը քաղաքի ճեմարանէն զիս կ՛առնէր ու կը տանէր իր եւ օրթախին (Խոսրով Շամլեանին) գորգի խանութը` Պէյրութի սուքերուն (շուկայ, խմբ.) մէջ, Ալենպի փողոց:
Այդ օրերը ինծի համար փոքր արձակուրդի մը պէս էին: Դպրոցական ամբողջ կէսօրէ ետք մը կը կորսուէր, բայց փոխարէնը մեծ հօրս աշխարհը կը մտնէի:
Կէսօրուան մօտ մեծ հայրս գործաւորներէն մէկը կը ղրկէր անկիւնի մսավաճառին: Թարմ քաշուած միս պիտի բերէր: Յետոյ` գետնախնձոր, լոլիկ ու սոխ: Ամէն ինչ կը դրուէր մեծ ափսէի մը մէջ եւ կը ղրկուէր թաղին փուռը` եփելու:
Երբ կերակուրը վերադառնար, սեղանի պէտք չկար: Գետինը ծալապատիկ կը նստէինք եւ ձեռքով կ՛ուտէինք: Ինծի համար այդ ճաշը (քաշուած միսով գետնախնձոր եւ վրան լոլիկ) աշխարհի լաւագոյն ճաշերէն մէկն էր:
Ճաշէն ետք քանի մը գորգ կը փռէինք ու անոնց վրայ օ՜խ օխ կը քնանայինք: Երբ կ՛արթննայինք, փողոցէն երբեմն սուս ծախող մարդը կ՛անցնէր: Ամէն մէկուս պաղ սուս մը կ՛առնէինք: Ա՜խ, ի՛նչ անուշ պաղ պաղ կ՛իջնէր:
Տասը տարեկան տղու մը համար կեանքը շատ աւելի բարդ չէր: Դպրոցական կէս օր մը փախցուցած էի, լաւ կերած, գորգերու վրայ քնացած եւ սուս խմած: Մեծ հօրս հետ օր մը անցուցած էի:
Երեկոյեան միասին իրենց տունը կ՛երթայինք, Ճըմմէյզէ, նոյն փողոցին վրայ, ուր կը գտնուէր հին Պէյրութի նշանաւոր Քահուէթ Իզազ սրճարանը, կաթողիկէ Ֆրերներուն դպրոցին մօտ` Լիպարիտեաններուն դիմացը:
Շատ կը սիրէի մեծ հօրս ու մեծ մօրս տունը քնանալ: Ամէն ինչ հին էր հոն: Հին տեսք ունէր, հին հոտ ունէր: Իսկ ամէնէն շատ կը յիշեմ մեծ հօրս մեծ հին ռատիոն, իր մեծ լարումի կոճակներով:
Առաւօտեան ժամը վեցին անպայման կ՛արթննայի: Մեծ հայրս արդէն արթուն կ՛ըլլար: Սեւ սուրճը առջեւը` ռատիոյէն լուրերը կը լսէր: Միջին Արեւելքի լուրերը հազուադէպ էին ուրախ: Կը լսէր, կը բարկանար, երբեմն ալ բարձրաձայն կը հայհոյէր:
Առաւօտ մը ես ալ չկրցայ քնանալ ու ելայ: Իր սուրճէն քիչ մը լեցուց ինծի, վրան տաք կաթ աւելցուց եւ սկսաւ պատմել:
Պատմեց Ուրֆայի մասին: Իր ընտանիքին մասին, թէ ինչպէ՛ս ինքզինք Սուրիա գտած էր: Ես այն ատեն չէի կրնար ամբողջութեամբ հասկնալ պատմածը: Չէի հասկնար նաեւ, թէ դիմացս նստած մարդուն ընտանիքին գրեթէ ամբողջ տոհմը զոհուած էր 1915-ի Ուրֆայի հերոսամարտին:
Պատմեց` ինչպէ՛ս 1918-ի մարտին վաթսուն հոգինոց զինուած խումբ մը, ընդամէնը երեք ուղտերով, Դամասկոսէն ճամբայ ելաւ դէպի Ագապա` Շերիֆ Ալիի միջնորդութեամբ: Խումբին մէջ էին Արամ Սահակեանը, մեծ հայրս եւ բազմաթիւ ուրիշ վերապրող ուրֆացիներ: Անոնք կը փորձէին կապ հաստատել արտասահմանի հայութեան հետ եւ ապա հասնիլ ու միանալ Կովկասի հայկական ուժերուն:
Դաժան անապատային երկար ճանապարհին, Ագապայի մօտ, հանդիպեցան արաբական ապստամբութեան զինեալներուն, որոնք զիրենք ընդունեցին եւ ապաստան տուին: Այդ գիշեր մեծ հայրս քանի մը զինակից ուրֆացիներու եւ արաբներու հետ վրանի մը տակ մնաց: Վրանին մէջ եղողներէն մէկը, սակայն, տարբեր էր միւսներէն:
Մեծ հայրս սուրճը ֆսֆսացնելով` կամաց կամաց կը խմէր եւ կը պատմէր.
«Քէօփեկը (շան լակոտ խմբ.) կապոյտ աչքեր ունէր, գլխուն քեֆիէն ալ սպիտակ էր. Տապանչաս (ատրճանակ, խմբ.) գլխուս տակը պահելով` հազիւ էրկու ժամ քնացայ»:

Այդ կապուտաչեայ, սպիտակ քեֆիէով մարդը Լորանս Արաբիացին էր: Երեւակայել անգամ չէի կրնար, որ Ճըմմէյզէի այդ հին տան մէջ, մեծ հօրս սեւ սուրճին քով նստած, կը լսէի պատմութիւն մը, որուն մէկ ծայրը Ուրֆան էր, իսկ միւսը` արաբական ապստամբութեան ամէնէն առասպելական դէմքերէն մէկը:
Ուրֆացի կամաւորները ի վերջոյ հասան Ագապա, ապա անցան Փոր Սայիտ: Հոն կապ հաստատեցին Գահիրէի Ազգային միութեան եւ ՀՅԴ Եգիպտոսի Կեդրոնական կոմիտէին հետ` տեղեկութիւն ստանալով արտասահմանի հայութեան մասին: Ապա որոշեցին Կիպրոս անցնիլ եւ միացան հոն կազմուող Հայկական լեգէոնին, ուր ուրֆացի կամաւորներուն թիւը հետագային հասաւ շուրջ 150-ի:
Տարիներ ետք միայն սկսայ հասկնալ այդ առաւօտեան պատմութեան ծանրութիւնը: Ինծի համար ան պարզապէս մեծ հայրս էր` գորգի վաճառականը, որ համով ուտելիք կը սիրէր, սեւ սուրճ կը խմէր եւ առաւօտ կանուխ լուրերուն վրայ կը քիւֆրէր (հայհոյել, խմբ.): Խմիչքն ալ շատ կը սիրէր: Առատ կը խմէր: Կը զուարթանար, կը խնդար, ապա կ՛երթար անուշ քնանալու: Իր սերունդի շատ մը վերապրողներուն պէս, կարծես խմիչքն ալ կեանքը շարունակելու ձեւերէն մէկն էր: Բայց այդ սովորական կեանքին ետին ուրիշ կեանք մը կար: Ուրֆա կար: Կորուստ կար: Անապատ կար: Եւ վերապրում կար:

Յարութիւն Արզուհալճեան Ուրֆայի մէջ կորսնցուց գրեթէ իր ամբողջ տոհմը: Բայց կեանքը շարունակեց: Ընտանիք կազմեց, ունեցաւ չորս զաւակ, տասներեք թոռ եւ քսաներեք թոռնորդի: Թերեւս այդ էր իր մեծագոյն յաղթանակը` կեանքը շարունակել այնտեղ, ուր ուրիշներ փորձած էին վերջ տալ անոր:
Վերապրող ուրֆացիները չկրցան իրենց նահատակներուն աճիւնները արժանաբար թաղել: Փոխարէնը` անոնց յիշատակը տարին իրենց հետ` Դամասկոս, Հալէպ, Ագապա, Կիպրոս, Պէյրութ, Իրաք, Եւրոպաներ ու Ամերիկաներ: Եւ ի վերջոյ փոխանցեցին մեզի` սերունդէ սերունդ:
Ես այդ յիշատակէն իմ բաժինս ստացայ շատ պարզ առաւօտ մը, Ճըմմէյզէի հին տան մէջ: Տասը տարեկան էի: Մեծ հայրս դիմացս նստած էր: Մեծ հին ռատիոն կը խօսէր: Ինք սեւ սուրճը կը ֆսֆսացնէր, իմինիս մէջ ալ քիչ մը տաք կաթ լեցուցած էր:
Այն ատեն չէի գիտեր, որ օր մը մեծ հայրս պիտի չըլլար: Տունը պիտի չըլլար: Այդ մեծ հին ռատիոն ալ պիտի չըլլար: Բայց պատմութիւնը պիտի մնար:
Ու ամէն անգամ որ զայն կը յիշեմ, պահ մը նորէն տասը տարեկան կ՛ըլլամ` Ճըմմէյզէի այդ հին տան մէջ, մեծ հօրս քով ծալապատիկ նստած:
Է՛յ վալլա՜հ, մեծ հայրիկ:
**
Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնը
Ա. Կելիպոլի Տուն Թիւ 54 https://www.aztagdaily.com/archives/702461