Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ «Բարեւ… Ես գիրքն եմ» դասագիրքին շնորհանդէսը

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Գանատայի Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան բաժանմունքին, Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն «Բարեւ… Ես գիրքն եմ» դասագիրքի շնորհանդէսը, ներկայութեամբ Հայաստանէն յատկապէս այս առթիւ ժամանած գիրքին հեղինակ Նայիրի Մկրտիչեանի, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ բժշ. Ժիրայր Պասմաճեանի, Բաստրմաճեան Հիմնադրամի ներկայացուցիչ Նուշիկ Էլոյեանի, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեանի եւ անդամներ՝ Թորոս Պապիկեանի եւ Յակոբ Պուլկարեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ անդամ Նորա Արուշեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի,  Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Շահինեանի եւ անդամ Անահիտ Պալեանի, պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ գրասէր ու ընթերցասէր բազմութեան մը:

Հայեցի Դաստիարակութեան բաժանմունքին անունով բարի գալուստի խօսք արատասանեց յանձնախումբի անդամ Լուսին Ժամկոչեան, որ իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ տողերով.

«Շնորհաշո՛ւք տիկին Նայիրին,
Կատարեց շնորհալի գործ մը:
Գրեց «Բարեւ… ես գիրքն եմ» դասագիրքը,
Որուն համար շնորհապարտ պիտի ըլլան
Մեր շնորհալի փոքրիկներն ու պատանիները:

Այսօր եկած ենք այս շնորհանդէսին,
Շնորհակալութիւն յայտնելու այս գրքի հեղինակին:
Շնորհակալութիւն յայտնելու նաեւ մեր շնորհատու սրբազանին
Եւ առաջնորդարանի շնորհազարդ ընտանիքին,
Որոնց շնորհիւ ունեցանք այս Գիրքը շնորհալի»:

Ժամկոչեան նշեց. «Անցնող տարիներուն Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ եւ Հայեցի Դաստիարակութեան բաժանմունքին ջանքերով կարելի եղան լոյս աշխարհ բերել մանկապատանեկան գրքոյկներ, գիրքեր եւ տեսերիզներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպել դաստիարակչական աշխատանոցներ եւ տաղանդներու յայտնաբերման մրցոյթներ», ապա աւելցուց, որ գիրքին հեղինակը առիւծի բաժին ունեցած է այս աշխատանքներուն նպատակներու իրագործման ի խնդիր:

Տեղի ունեցան գիրքէն երկու դրուագներու ներկայացում. «Սանասարն ու Պաղտասարը» եւ «Տորք Անգեղը», զորս ներկայացուցին Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի աշակերտներ Տարօն Թիւֆէնքճեան, Ալեք Գաբրիէլեան եւ Կասիա Մկրտիչեան:

Հեղինակին ամփոփ կենսագրութիւնը ներկայացուց Գառնի Մկրտիչեան, որմէ ետք գիրքին հեղինակը ներկայացուց դասագիրքը՝ սալիկներու ցուցադրութեամբ:

Մկրտիչեան նախ հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով, որմէ ետք ներկայացուց գիրքին պատրաստութեան տուն տուող պատճառներուն, տպագիր գիրքի կարեւորութեան, գիրքին բովանդակութեան՝ նշելով որ գիրքին մէջ տեղ գտած են այն հիմնական եւ տարրական տեղեկութիւնները, որոնք իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտնայ իր ինքնութեան մասին, անկախ տարիքային նկատառումներէ:

Մկրտիչեան նաեւ յիշեց, թէ հայոց պատմութեան հիմնական դրուագներու ներկայացման ձեւը սովորական դասագիրքի չի նմանիր, այլ ընտրած է իւրայատուկ ոճ, առաւել հետաքրքրական եւ դիւրընկալ դարձնելու նիւթն ու տեղեկութիւնները: Ան նաեւ նշեց, թէ գիրքը չի բաւարարուիր գիտելիքներ փոխանցելով, այլ կը բովանդակէ զանազան խաղեր, որոնք կ’ամրապնդեն փոխանցուած գիտելիքը:

Հեղինակը նաեւ յիշեց, որ գիրքը բաւական հետաքրքրութիւն ստեղծած է Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ, ինչպէս՝ Աւստրալիա, Գերմանիա, Հոլանտա, Սուրիա, Լիբանան, Թուրքիա, Ամերիկա, Շուէտ եւ այլուր:

Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց նախ յիշելով Առաջնորդարանի երկարամեայ գործակցութիւնը գիրքին հեղինակին հետ, յատկապէս Շողան ծրագրին, որ կրօնական եւ ազգային թեմաներով արեւմտահայերէն մանկական տեսերիզներու պատրաստումն էր, ապա սոյն գիրքին հրատարակութեան: Ան դրուատեց Մկրտիչեանին ժրաջան աշխատանքն ու արեւմտահայերէնին, ինչպէս նաեւ ազգային դաստիարակութեան հանդէպ ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը, ապա աւելցուց, թէ յոյսով է, որ մեր դպրոցները՝ ամէնօրեայ, շաբաթօրեայ թէ կիրակնօրեայ, մեր ուսուցիչներն ու աշակերտները, ինչպէս նաեւ մեր ծնողները հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն այս գիրքին հանդէպ եւ կ’օգտուին անկէ՝ մեր մատղաշ սերունդին ազգային ու կրօնական դաստիարակութիւն ջամբելու:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հեղինակին կողմէ մակագրուած գիրքերու վաճառք:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

Նկարներ