Շաբթուան ամփոփումը (20 օգոստոս 2026)
- (0)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։
ԳԱՆԱՏԱ եւ ՍՓԻՒՌՔ
– Օգոստոս 12-ին տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջափակի վերանորոգման ծրագրի Հողօրհնէքը, ձեռամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ ներկայութեամբ վարժարանի պատասխանատուներու, բարերարներու, համայնքային ու քաղաքային ներկայացուցիչներու։ Մօտ 7.9 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրը պիտի ընդգրկէ բացօթեայ դասարանային տարածք, FIFA-ի չափանիշներուն համապատասխան ոտնագնդակի դաշտ, լայնածաւալ կանաչապատում եւ աւելի քան 580 ծառերու ու թուփերու տնկում։ Հողօրհնէքին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ ծրագիրը նպատակ ունի աշակերտներուն համար ստեղծել արդիական եւ ապահով միջավայր՝ նպաստելով անոնց կրթական, մարզական եւ ընկերային զարգացման։
– Օգոստոս 14-16-ին Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ ազգային վարժարանին ի նպաստ տարեկան Քերմէսը, որ երեք օրերու ընթացքին հազարաւոր հայորդիներ համախմբեց Մոնթրէալէն, Քեպէգի այլ շրջաններէն, Գանատայէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայի զանազան քաղաքներէն։ Շաբաթավերջին ընթացքին, Քերմէսին ներկայ գտնուեցան նաեւ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային բոլոր մակարդակներու կառավարական ու քաղաքական բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Յատկանշական էր Գանատայի արդիւնաբերութեան նախարար Մելանի Ժոլիի ներկայութիւնը։ Առիթը նաեւ հնարաւորութիւն ընծայեց Հայ Դատի Գանատայի շրջանային եւ տեղական յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն՝ քաղաքական պատասխանատուներուն հետ քննարկելու հայ համայնքին, Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող առաջնահերթ հարցեր։
– Կիրակի, 2 օգոստոս 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան Ուինիփէկի St. Jean the Evangelist կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, ի սպաս Ուինիփէկի «Ս. Վարդան» Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքին։ Պատարագին ընթացքին Սրբազան Հայրը ողջունեց տեղւոյն հայ համայնքը, գնահատեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ դպրաց դասի ծառայութիւնը եւ կատարեց խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ համայնքային դաշտագնացութիւն, որուն ընթացքին հաւատացեալները առիթ ունեցան հանդիպելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ անոր շքախումբին հետ:
– Կիրակի, 16 օգոստոս 2026-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման եւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, մատուցմամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։ Օրը սկսաւ ուխտաւորներու գիշերային աղօթքներով եւ շարականներով, իսկ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Աստուածածնի հաւատքին, հնազանդութեան եւ բարեխօսութեան խորհուրդին։ Արարողութեան աւարտին կատարուեցան խաղողի, մատաղի եւ ջուրի օրհնութիւն՝ հաւատացեալներու լայն մասնակցութեամբ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ
– Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Սերժ Ռուշանեան վարոյթ ընդունած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին եւ վեց եպիսկոպոսներուն վերաբերող քրէական գործին։ Առաջին դատական նիստը նշանակուած է օգոստոս 28-ին, ժամը 16։30-ին։ Գործը նախապէս յանձնուած էր դատաւոր Յակոբ Մանուկեանին, սակայն ան առաջին նիստին ինքնաբացարկ յայտնած էր, որմէ ետք գործը վերաբաշխուած եւ փոխանցուած է Սերժ Ռուշանեանին։
– Նիկոլ Փաշինեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց կառավարութեան տնտեսական եւ տարածաշրջանային քաղաքականութեան շարք մը նոր ուղղութիւններ՝ յայտնելով, որ Հայաստան կրնայ մօտ ապագային ապրանք արտածել Ատրպէյճան եւ ելեկտրականութեան առեւտուր իրականացնել դրացի երկիրներու, ներառեալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։ Ան նաեւ հաստատեց, որ Երեւան կը ձգտի վերանայելու Հայաստանի երկաթուղիներու ռուսական կառավարման ներկայ ձեւաչափը՝ բանակցային լուծում գտնելով Մոսկուայի հետ։
– Ալէն Սիմոնեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, փոխարինելով Արմէն Գրիգորեանը, որ պաշտօնը կը վարէր 2018-ի մայիսէն ի վեր։ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Գրիգորեանին առաջարկած է այլ պաշտօն ստանձնել իր աշխատակազմին մէջ, սակայն վերջինս մերժած է առաջարկը։
– Իրանի զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարի խորհրդական, զօրավար Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի յայտարարեց, որ Թեհրան Հայաստանի հետ TRIPP նախագիծին շուրջ որեւէ նախնական համաձայնութեան չէր հասած։ Ան վերահաստատեց Իրանի դիրքորոշումը՝ նշելով, որ Թեհրան կողմ է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, սակայն դէմ է որեւէ նախաձեռնութեան, որ կրնայ փոխել Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնն ու սահմանները կամ վտանգել պետութիւններու գերիշխանութիւնը։ TRIPP-ը կը նախատեսէ Հայաստանի տարածքով հաղորդակցական կապ հաստատել Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ, իսկ Թեհրան յատուկ զգայնութեամբ կը հետեւի Սիւնիքի վերաբերող զարգացումներուն՝ Հայաստան-Իրան ցամաքային սահմանի ռազմավարական նշանակութեան պատճառով։