Ազգային ժողովը օգոստոս 20-ին պիտի ընտրէ 12 մշտական յանձնաժողովներու նախագահները

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ օգոստոս 20-ին, ժամը 10։10-ին, տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանի 12 մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութիւնը։

ԱԺ հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Լիլիթ Մինասեան յայտարարած է, որ բոլոր 12 յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութիւնը պիտի կատարուի մէկ քուէարկութեամբ։ Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ նիստերու դահլիճին կից նախասրահին մէջ։

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը նախագահութեան թեկնածուներ առաջադրած է ութ յանձնաժողովներու համար՝ Նազելի Պաղտասարեան, Լուսինէ Պատալեան, Սիսակ Գաբրիէլեան, Բաբգէն Թունեան, Սարգիս Խանդանեան, Արուսեակ Ջուլհակեան, Վիլէն Գաբրիէլեան եւ Տրդատ Սարգսեան։

«Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնը երեք յանձնաժողովներու նախագահութեան համար առաջադրած է Արեգա Յովսէփեանի, Դաւիթ Ղազինեանի եւ Հայկ Ֆարմանեանի թեկնածութիւնները, իսկ «Հայաստան» խմբակցութիւնը՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին համար Լիլիթ Գալստեանի թեկնածութիւնը։