Գանատայի դեսպան Էնտրու Թըրնըր հրաժեշտի այցելութիւն տուաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին
- (0)

ԷՋՄԻԱԾԻՆ — Օգոստոս 18-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրու Թըրնըրը, որ շուտով պիտի աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին՝ Հայաստանի մէջ անոր արդիւնաւէտ ծառայութեան համար՝ բարձր գնահատելով հայ-գանատական բարեկամական յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ երկկողմ կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ անոր ներդրումը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Գանատայի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին՝ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց նաեւ Գանատայի հայ համայնքը՝ ընդգծելով անոր աշխոյժ դերակատարութիւնը երկրի հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Գանատա յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ։
Իր կարգին, դեսպան Թըրնըր շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ տարիներու ընթացքին իրեն ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան եւ աջակցութեան համար։ Ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական ծառայութեան եւ տպաւորութիւններուն՝ նշելով, որ երկրէն կը մեկնի հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի հարուստ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան մասին ամենաջերմ յուշերով։
Հանդիպման աւարտին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յաջողութիւն մաղթեց դեսպան Թըրնըրին՝ անոր հետագայ դիւանագիտական գործունէութեան մէջ։
Էնտրու Թըրնըր Գանատայի առաջին մշտական դեսպանն էր Հայաստանի մէջ՝ Երեւանի մէջ Գանատայի մշտական դեսպանութեան բացումէն ետք՝ 2023-ին։