Աննա Գրիգորեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը

ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 17-ին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսանտրա Քոուլը։

Ողջունելով դեսպանը խորհրդարանին մէջ՝ Գրիգորեան կարեւորեց Միացեալ Թագաւորութեան հետ տարբեր ձեւաչափերով համագործակցութեան զարգացումը։

Հանդիպման ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարը ներկայացուց իր դիտարկումները յետընտրական շրջանին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած գործընթացներուն վերաբերեալ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն եւ նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւններուն։

Զրուցակիցները նաեւ միտքեր փոխանակեցին տարբեր ոլորտներու մէջ փոխգործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւններուն շուրջ եւ քննարկեցին երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։

Նոյն օրը դեսպան Ալեքսանտրա Քոուլ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի հետ։