Լիլիթ Գալստեան. Իշխանութիւնը չէ կատարած դպրոցաշինութեան իր խոստումները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան օգոստոս 17-ին խորհրդարանի նիստին անդրադարձաւ կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ առկայ խնդիրներուն՝ յայտարարելով, որ անոնք թէ՛ հաստատութենական, թէ՛ օրէնսդրական հրատապ լուծումներու կարիք ունին։
Գալստեան ելոյթ ունեցաւ Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի ընտրութեան քննարկման ընթացքին։ Ան ընդգծեց, որ յանձնաժողովի ընդգրկած ոլորտները՝ կրթութիւնը, գիտութիւնը եւ մշակոյթը, որեւէ պետութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին։
Դաշնակցական պատգամաւորը, սակայն, ուշադրութիւնը կեդրոնացուց իշխանութեան տուած խոստումներուն եւ արձանագրուած արդիւնքներուն միջեւ «խոր խզումին» վրայ՝ մասնաւորաբար անդրադառնալով հանրակրթութեան եւ դպրոցաշինութեան ծրագրերուն։
Գալստեան յիշեցուց, որ իշխանութիւնը խոստացած էր հինգ տարուան ընթացքին կառուցել կամ վերակառուցել 300 դպրոց եւ 500 մանկապարտէզ։ Անոր ներկայացուցած տուեալներով՝ 2025-ի աւարտին «300 դպրոց, 500 մանկապարտէզ» ծրագրին ծիրին մէջ աշխատանքները ամբողջացած էին միայն 122 դպրոցի մէջ, այսինքն՝ նախատեսուած թիւին շուրջ 40.7 տոկոսը։
Ինչ կը վերաբերի մանկապարտէզներուն եւ նախակրթարաններուն, Գալստեան նշեց, որ մինչեւ 2026 նախատեսուած 500 կառոյցէն 2025-ի աւարտին աշխատանքները ամբողջացած էին 280-ի մէջ, ինչ որ խոստացուած թիւին 56 տոկոսն է։
Գալստեան նաեւ համեմատութիւն կատարեց նախկին իշխանութիւններու ժամանակաշրջանին հետ՝ յայտարարելով, որ Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան տարիներուն կառուցուած է 154 նոր դպրոց։ Ան շեշտեց, որ խօսքը հիմնանորոգումներու կամ վերանորոգումներու մասին չէ, այլ ամբողջութեամբ նոր կառուցուած դպրոցներու։