ԵՄ-ն աշնան կը պատրաստուի զգալիօրէն ընդլայնելու Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի աշնան զգալիօրէն ընդլայնելու Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները։ Այս մասին գերմանական WELT-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Քայա Քալլասը։

Քալլասի համաձայն՝ նախատեսուող նոր միջոցառումները կրնան կազմել Ռուսաստանի դէմ պատերազմի սկիզբէն ի վեր ընդունուած պատժամիջոցներու ամենալայն ցանկը։ Եթէ փաթեթը հաւանութեան արժանանայ ԵՄ անդամ բոլոր 27 երկիրներուն կողմէ, պատժամիջոցներու ենթակայ ռուս քաղաքացիներու, ընկերութիւններու եւ կազմակերպութիւններու թիւը կրնայ շուրջ մէկ երրորդով աճիլ։

ԵՄ գլխաւոր դիւանագէտը չէ մանրամասնած, թէ յատկապէս ինչպիսի նոր սահմանափակումներ կը նախատեսուին՝ շեշտելով, սակայն, որ Մոսկուայի նկատմամբ ճնշումը պէտք է շարունակաբար ուժեղացուի։

«Ճնշումը պէտք է ուժեղացնել», յայտարարած է Քալլաս՝ նշելով, որ մինչ այժմ կիրարկուած եւրոպական պատժամիջոցները արդէն զգալի ազդեցութիւն ունեցած են Ռուսաստանի ռազմական կարողութիւններուն վրայ։

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու 21-րդ փաթեթը ընդունած էր յուլիս 23-ին։ Այդ փաթեթով սահմանափակումներ սահմանուած էին աւելի քան 200 անձերու նկատմամբ։ Միջոցառումները նաեւ կը վերաբերէին Ռուսաստանի ուժանիւթային, ֆինանսական եւ ռազմարդիւնաբերական ոլորտներուն։