Գեղամ Մանուկեան․ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը կարելի չէ կասեցնել

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը կարելի չէ կասեցնել։ Այս մասին օգոստոս 14-ին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան։

Մանուկեան ըսած է, որ իշխանութիւնները կը փորձեն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին շուրջ քաղաքականութիւն փոխել՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պահանջներուն համապատասխան, սակայն նման գործընթացը կասեցնել հնարաւոր չէ։ Մանուկեան ընդգծած է, որ տասնամեակներ շարունակ Թուրքիան մեծ միջոցներ ծախսած է ճանաչման գործընթացը խոչընդոտելու համար, բայց չէ յաջողած։

Պատգամաւորը շեշտած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն Հայաստանի Հանրապետութեան հարցը չէ, այլ ամբողջ հայութեան, Սփիւռքի իրաւունքներուն եւ պատմական արդարութեան վերականգնման խնդիր է։ Ան նաեւ նշած է, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը համամարդկային նշանակութիւն ունի՝ յիշեցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը կարեւոր դեր ունեցած է Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի ձեւաւորման մէջ։

Մանուկեան աւելցուցած է, որ ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը չի կրնար համեմատուիլ նախորդ տասնամեակներուն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի համահայկական կառոյցներու ջանքերով արձանագրուած ճանաչման ձեռքբերումներուն հետ։