Կաթողիկոսի դատավարութեան առաջին նիստը աւարտեցաւ դատաւորի ինքնաբացարկով

ԷՋՄԻԱԾԻՆ — Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներու դատավարութեան առաջին նիստը մեկնարկելէն ընդամէնը քանի մը վայրկեան ետք աւարտեցաւ, երբ դատաւոր Յակոբ Մանուկեան հրաժարեցաւ դատը քննելէ։

Փաստաբան Արա Զոհրաբեան լրագրողներուն յայտնեց, որ դատաւոր Մանուկեան իր որոշումը հիմնաւորած է անցեալին իրենց միջեւ եղած մասնագիտական առնչութեամբ, որ կրնար անաչառութեան վերաբերեալ կասկածներ յառաջացնել։ Զոհրաբեան ողջունեց դատաւորին քայլը՝ նշելով, որ ան, ըստ էութեան, հրաժարեցաւ «այս ամօթալի գործընթացին մաս կազմելէ»։

Նոր դատական նիստ պիտի նշանակուի նոր դատաւորի նշանակումէն ետք։ Նիստը այս փուլին տեղի ունեցաւ դռնփակ։ Դատարան ներկայացած էր նաեւ նախկին Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան, որ դատավարութեան մէջ կը ներկայանայ իբրեւ տուժող կողմ։

Դատարանին առջեւ հաւաքուած էին Կաթողիկոսի աջակիցներ, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններէ պատգամաւորներ։ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան դատական գործընթացը որակեց ապօրինի եւ եկեղեցական կեանքին անընդունելի միջամտութիւն։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը մեղադրուի դատական որոշման գործադրութիւնը խոչընդոտելու յանցանքով։ Դատավարութիւնը կապուած է նախկին Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի՝ իր պաշտօնին վերականգնման վերաբերեալ դատարանի որոշման հետ։ Մայր Աթոռը մերժած էր կատարել այդ որոշումը՝ յայտարարելով, որ եկեղեցական պաշտօններու եւ կարգապահական հարցերու քննութիւնը կը պատկանի Եկեղեցւոյ ներքին եւ կանոնական իրաւասութիւններուն, իսկ պետական դատարանի միջամտութիւնը կը խախտէ Եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը։