Շաբթուան ամփոփումը (6 օգոստոս 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ եւ ՍՓԻՒՌՔ

– Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն դատապարտեց հայկական թաղամասին մէջ տեղի ունեցած վերջին յարձակումը, որուն ընթացքին վեց իսրայէլցի հրեաներ, ըստ յայտարարութեան, թքած են Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի մուտքին վրայ եւ քարեր նետած հայ բնակիչներու տուներուն ուղղութեամբ։ Յանձնախումբը նշած է, թէ միջադէպը կը շարունակէ Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ ուղղուած ոտնձգութիւններու, ահաբեկման եւ բռնարարքներու շարքը՝ կոչ ուղղելով Իսրայէլի իշխանութիւններուն անաչառ քննութիւն կատարելու, մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ երաշխաւորելու համայնքի անվտանգութիւնն ու իրաւունքները։ Միաժամանակ, միջազգային հանրութիւնն ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները կոչուած են հետեւելու իրավիճակին եւ գործնական քայլերու ձեռնարկելու՝ պաշտպանելու Երուսաղէմի հայ համայնքի անվտանգութիւնն ու պատմական ներկայութիւնը։

– «Արարատի համար՝ կանգուն» նշանաբանով կազմակերպուած համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը աւարտեցաւ Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ փակման հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Իննօրեայ բանակումը համախմբեց շուրջ 900 սկաուտ՝ աշխարհի 26 երկիրներէ, եւ յատկանշուեցաւ սկաուտական, ազգային ու մշակութային հարուստ ծրագիրներով, ինչպէս նաեւ երկու նշանակալի իրագործումներով՝ Արագածի զանգուածային վերելութեամբ եւ սկաուտներով աշխարհի ամենամեծ շուշանածաղիկի կազմութեամբ, որ արձանագրուեցաւ «Կինես»ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ։ Փակման հանդիսութեան ընթացքին գնահատուեցան մասնակիցներն ու կազմակերպիչները, իսկ ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուները շեշտեցին, որ բանակումը վերահաստատեց միութեան ազգային, եղբայրասիրական եւ դաստիարակչական առաքելութիւնը՝ պատրաստելով հայրենասէր ու ծառայասէր նոր սերունդներ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ

– ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, 9-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստին, յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ պիտի շարունակէ պայքարը՝ բարձրաձայնելով Հայաստանի անվտանգութեան, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու, բռնագրաւուած տարածքներու եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի հարցերը։ Ան պնդեց, թէ յունիս 7-ի ընտրութիւնները կայացած են վարչական միջոցներու չարաշահման, ձերբակալութիւններու եւ ճնշումներու պայմաններուն մէջ, ինչ որ օրինականութեան խնդիր կը ստեղծէ նոր իշխանութեան համար։ Սաղաթէլեան նաեւ մերժեց «իրական Հայաստան»-ի գաղափարը՝ զայն բնութագրելով որպէս ազգային ինքնութենէն եւ պատմական իրաւունքներէն հրաժարում, եւ շեշտեց, որ իշխանութիւնները լիազօրութիւն չունին տարածքներ յանձնելու, Ատրպէյճանի պահանջով Սահմանադրութիւնը փոխելու կամ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ուրանալու համար։

– Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարած է, թէ Պաքու «ազդակներ» կը ստանայ Հայաստանի մէջ նոր Սահմանադրութեան ընդունման գործընթաց սկսելու վերաբերեալ՝ նշելով, որ Անկախութեան հռչակագիրին յղումի հեռացումէն ետք խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան համար այլ խոչընդոտ չի տեսներ։ Ան նաեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճան դիւանագիտական ճնշում գործադրած է Իսրայէլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախաձեռնութիւնը կասեցնելու համար՝ պնդելով, թէ իսրայէլեան կողմը լուրջի առած է Պաքուի ուղերձները։ Հայաստանի իշխանութիւնները հարցին զուսպ կերպով արձագանգած են, մինչ Նիկոլ Փաշինեան պնդած է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արտաքին քաղաքական «զէնքի» վերածելու գործընթացին չմասնակցիլը կը բխի Հայաստանի շահերէն։

– Հայաստանի իշխանութիւնները քրէական հետապնդում սկսած են Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ բարձրաստիճան հոգեւորականներու նկատմամբ՝ զանոնք մեղադրելով դատական որոշման գործադրութիւնը խոչընդոտելու եւ պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու հարցով։ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայոց Հայրապետը պիտի կանգնի քրէական դատարանի առջեւ, իսկ առաջին նիստը նախատեսուած է օգոստոս 7-ին։ Գործը կապուած է Գէորգ Եպս. Սարոյեանի պաշտօնազրկման եւ դատարանին կողմէ անոր վերահաստատման որոշումը չգործադրելու հարցին հետ։ Կաթողիկոսին եւ հոգեւորականներուն նկատմամբ սահմանուած է նաեւ երկրէն բացակայելու արգելք, մինչ հետապնդումը կը գնահատուի իբրեւ իշխանութիւններու կողմէ Մայր Աթոռին դէմ շարունակուող ճնշումներու ամենալուրջ դրսեւորումներէն մէկը։

– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է Euronews-ի այն հաղորդումը, թէ Երեւան կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն անկանոն գաղթականներու համար պահման կամ վերադարձի կեդրոն հիւրընկալել։ Նախարարութեան խօսնակ Անի Պատալեան յայտնած է, որ Հայաստան նման առաջարկ չէ ստացած եւ այդ հարցով որեւէ քննարկում չէ ունեցած։ Euronews նախապէս հաղորդած էր, թէ Իտալիա կը պատրաստուի Եւրոպական Միութեան ներկայացնել ապահով երրորդ երկիրներու մէջ վերադարձի կեդրոններ ստեղծելու ծրագիր մը՝ Ալպանիոյ հետ իր համաձայնութեան օրինակով, եւ Հայաստանը նշած էր հաւանական թեկնածու երկիրներու շարքին։