Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը յայտարարէ «ԱՄԱՐԱՍ» ծրագրի կայացումը

«ԱՄԱՐԱՍ» Վարժողական ծրագիր յունիս – յուլիս – օգոստոս 2027

«ԱՄԱՐԱՍ» վարժողական ծրագիրը Հ.Յ.Դ. հովանիի ներքոյ գործող` քաղաքական, լրատուական, արխիւային եւ մշակութային բնոյթի աշխատանք տանող հաստատութիւններու, գրասենեակներու եւ կեդրոններու մէջ երիտասարդ մարդուժի պատրաստութեան, վարժողական եւ փոխանակման այն ծրագիրն է, որ եզակի առիթ կը ստեղծէ Հ.Յ.Դ.-ի շուրջ համախմբուած երիտասարդութեան՝ դաստիարակութեան, փորձի փոխանակման եւ զարգացման համար,ուր երիտասարդ դիմորդը սահմանուած ժամանակահատուածով կը մեկնի ուրիշ շրջանի մէջ գործող համապատասխան հաստատութիւն, ուր փորձառու պատասխանատուներու առաջնորդութեամբ անմիջական մասնակցութիւն կը բերէ աշխատանքներուն, կը ծանօթանայ անոր գործելաոճին, եւ կը հարստացնէ իր գիտելիքներն ու կարողութիւնները։

Ծրագիրը կը միտի փորձառութեամբ օժտել երիտասարդութիւնը՝ պատմական նշանակութիւն ու վաստակ ունեցող հաստատութիւններու մէջ, միաժամանակ կ՛ապահովէ անոր մասնագիտական մակարդակի բարձրացումը: Այս ծրագիրը կը միտի նաեւ տուեալ ոլորտներէն ներս, ապագայ աշխատակիցներ պատրաստել:

Ծրագիրը կը խրախուսէ Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններու միջեւ փորձի փոխանակումն,ու կապերու սերտացումը, մանաւանդ երբ մասնակցողը կը ծանօթանայ հիւրընկալ շրջանի ազգային ու գաղութային կեանքին: Այս ճամբով , երիտասարդութեան մօտ համահայկական մտայնութիւն կը ձեւաւորուի , ինչպէս նաեւ միութենական կեանքին ընդմէջէն անձնական ու հաւաքական զարգացումը մղիչ ուժ կը ստանայ:

Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու նուազագոյնը 2 տարուան անդամակցութիւն ունեցողները, որոնք 18-էն մինչեւ 28 տարեկան են։

Դիմումները արդէն բաց են մինչեւ 15 սեպտեմբեր, 2026: Հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն կը յայտարարուին ընտրուած անունները:

Մասնակիցները պէտք է լրացնեն հետեւեալ դիմումը՝

https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSeRkOUfCXhheAPDk2aVTRC5IrNq1pRzDRSGBenKLcnFYj9Bkw/viewform?usp=publish-editorՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ա- Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐ
1- Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ — Հայաստան, Երեւան
2- Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակ — Պելճիքա, Պրիւքսէլ
3- Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Գրասենեակ — ԱՄՆ, Ուաշինկթըն

Բ- ՄԱՄՈՒԼ / ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ

1- Ազդակ Օրաթերթ — Լիբանան, Պէյրութ
2- Այբ Էֆ Էմ Ռատիոկայան — Ֆրանսա, Ալֆորթվիլ
3- Ազատ Օր — Յունաստան, Աթէնք
4- Վանայ Ձայն — Լիբանան, Պէյրութ
5- Armenian Weekly — ԱՄՆ, Պոսթըն (առցանց)
6- Hayrenik Media — ԱՄՆ, Պոսթըն (առցանց)
7- Հանրային Կապեր (META գովազդի մասնագէտ) — Հայաստան, Երեւան
8- Հանրային Կապեր (PR մասնագէտ) — Հայաստան, Երեւան
9- Հանրային Կապեր (SMM մասնագէտ) — Հայաստան, Երեւան
10- Հանրային Կապեր (YouTube մասնագէտ) — Հայաստան, Երեւան

Գ- ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ / ԱՐԽԻՒԱՅԻՆ

1- Արեւմտահայոց Ուսումնասիրութեան Կեդրոն — Հայաստան, Երեւան
2- Հ.Յ.Դ. Արխիւներ — ԱՄՆ, Պոսթըն
3- Աշխատանքային Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Կեդրոն — Հայաստան, Երեւան

Մասնակիցները, վերեւ տեղադրուած յղումը սեղմելով կրնան ծանօթանալ իւրաքանչիւր հաստատութեան աշխատանքային բացատրագիրին եւ ընտրել համաձայն իրենց անհատական հետաքրքրութիւններուն եւ նախասիրութիւններուն:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ