Պաքու կ՚ողջունէ Երեւանի որդեգրած «Իրական Հայաստան» հայեցակարգը

Պաքու դրական կը գնահատէ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ «Իրական Հայաստան» հայեցակարգին որդեգրումը եւ կ՚ակնկալէ, որ ան իր արտացոլումը գտնէ Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան մէջ։ Այս մասին թուրք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական եւ նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժինի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ։

Թրքական Milliyet պարբերականը, վկայակոչելով Հաճիեւը, կը գրէ, որ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացը միայն թուղթի վրայ կատարուած յայտարարութիւններով չի սահմանափակուիր։

«Մենք դրական կը գնահատենք այն փաստը, որ Հայաստանի ներկայ վարչակազմը «Իրական Հայաստան» հայեցակարգը ընդունած է իբրեւ հիմնարար մօտեցում։ Կ՚ակնկալենք, որ ան ներառուի Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ։ Մենք մտադիր չենք միջամտելու Հայաստանի ներքին գործերուն։ Անոնք յայտարարած են, որ նոր Սահմանադրութիւն պիտի ընդունին», ըսած է Հաճիեւ՝ կրկին պնդելով, որ Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան հետ կապուած խոչընդոտներ պիտի չմնան։

Հայաստանի իշխանութիւնները «Իրական Հայաստան» հայեցակարգը կը ներկայացնեն իբրեւ պետական քաղաքականութեան հիմք, ըստ որուն երկիրը պէտք է կեդրոնանայ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն, անվտանգութեան, զարգացման եւ խաղաղութեան օրակարգին վրայ՝ հեռու մնալով պատմական տարածքներու եւ, իրենց բնորոշմամբ, առաւելապաշտական պատկերացումներու վրայ հիմնուած քաղաքականութենէն։

Հաճիեւ նաեւ նշած է, որ Պաքուի նպատակը զուգահեռաբար Ատրպէյճան-Հայաստան եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն աւարտին հասցնելն է։

Ատրպէյճանցի պաշտօնատարը անդրադարձած է նաեւ Պաքուի կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք» կոչուող երթուղիին՝ պնդելով, որ անոր բացումը նոր աշխարհաքաղաքական իրականութեան մաս կը կազմէ եւ կը համապատասխանէ թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի շահերուն։

Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ պատրաստ են ապահովելու Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութիւնը, սակայն կը պնդեն, որ այդ ճանապարհը պէտք է գործէ միջազգային այլ երթուղիներու նման՝ Հայաստանի մաքսային, սահմանային եւ իրաւական ամբողջական վերահսկողութեան ներքոյ։