Լոյս տեսաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի 2026-ի եօթներորդ թիւը

ԵՐԵՒԱՆ.- Լոյս տեսած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի 2026 թուականի եօթներորդ՝ յուլիսեան համարը, որ կը ներառէ Հայաստանի ներքին կեանքին, արտաքին մարտահրաւէրներուն, Արցախի պատմութեան եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն նուիրուած բազմաթիւ հրապարակումներ։

Առաջնորդող յօդուածը կ՚անդրադառնայ Հայաստանի մէջ Յունիսի սկիզբը կայացած ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած կացութեան՝ նշելով, որ ընտրութիւնները ոչ միայն չնուազեցուցին ներքաղաքական եւ հասարակական լարուածութիւնը, այլեւ աւելի խորացուցին զայն։ Միաժամանակ, արտաքին մարտահրաւէրները եւ Հայաստանի կախուածութիւնը օտար ուժերէ շարունակած են աճիլ։

Նոր հրատարակուած թիւին մէջ արեւելագէտ Լիանա Պետրոսեան կը ներկայացնէ Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի հետընտրական ճնշումներուն աճը, իսկ քաղաքագէտ Վահէ Դաւթեան կը քննէ Հայաստանի դէպի Եւրոպա աշխարհատնտեսական շրջադարձին հետեւանքներն ու ուժանիւթային աւանդական կապերէն հեռանալու վտանգները։

Պատմաբան Տարօն Յակոբեան կը շարունակէ Արցախի Հանրապետութեան կազմաւորման շրջանին վերաբերող իր յօդուածաշարը, իսկ Մարի Յովհաննիսեան կը ներկայացնէ 1992-ի ատրպէյճանական յարձակումներուն ընթացքին Մարտակերտի Հաթերք գիւղի հայ բնակչութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանական բնոյթի ոճրագործութիւնները։

«Դրօշակ»ի յուլիսեան համարը կը պարունակէ նաեւ պատմական, քաղաքական եւ վերլուծական այլ հետաքրքրական հրապարակումներ։