Սաղաթէլեան՝ իշխանութիւններուն․ «Ժողովուրդի մեծամասնութեան անունով երկիրը նոր արկածախնդրութեան տանելու լիազօրութիւն չունիք»

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, ելոյթ ունենալով 9-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստին, յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ պիտի շարունակէ իր քաղաքական պայքարը եւ պիտի բարձրաձայնէ Հայաստանի անվտանգութեան, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն, բռնագրաւուած տարածքներուն եւ արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքին վերաբերող հարցերը։

Սաղաթէլեան նշեց, որ յունիս 7-ի ընտրութիւնները տեղի ունեցած են վարչական միջոցներու լայնածաւալ չարաշահումներով, ընդդիմադիր գործիչներու ձերբակալութիւններու եւ ճնշումներու պայմաններուն մէջ, եւ հետեւաբար նոր խորհրդարանն ու անոր կազմելիք կառավարութիւնը լրջագոյն օրինականութեան խնդիր ունին։

Պատգամաւորը շեշտեց, որ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ հակադրութիւնը անձնական չէ, այլ գաղափարական՝ Հայաստանի անցեալին, ներկային եւ ապագային վերաբերող տարբեր պատկերացումներու հետեւանք։ Ան մերժեց իշխանութիւններու ներկայացուցած «իրական Հայաստան»-ի գաղափարը՝ զայն բնորոշելով իբրեւ ազգային ինքնութեան, պատմական ժառանգութեան եւ համազգային իրաւունքներու հրաժարման քաղաքականութիւն։

Ելոյթի աւարտին Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ իշխանութիւնները ժողովուրդի մեծամասնութենէն լիազօրութիւն չունին Տիգրանաշէնը կամ այլ տարածքներ յանձնելու, Ատրպէյճանի պահանջով Սահմանադրութիւնը փոխելու, Անկախութեան հռչակագրէն հրաժարելու կամ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ուրանալու համար։

«Դաշնակցութիւնը ձեզ չի մեղադրեր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ բանակցելու համար։ Մենք ձեզ կը մեղադրենք անոնց պահանջները խոնարհաբար իրականացնելու համար», եզրափակեց Սաղաթէլեան։