Նարեկ Կարապետեան առաջարկեց ընդունիլ «հակասաֆարովեան» օրէնք
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն առաջարկեց ընդունիլ ընդդիմադիր ուժին կողմէ «հակասաֆարովեան» անուանուած օրէնք մը, որ պիտի սահմանափակէ Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցիներու կեցութիւնը եւ սեփականութիւն ձեռք բերելու իրաւունքը։
Կարապետեանի համաձայն՝ Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն պէտք չէ արտօնուի Հայաստան մնալ տասը օրէ աւելի, ինչպէս նաեւ անշարժ գոյք կամ հող ունենալ երկրին մէջ։ Ան ընդգծեց, որ առաջարկին նպատակը խաղաղութեան պայմանագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի տարածքին վրայ ատրպէյճանական ժողովրդագրական ներկայութեան ստեղծումը կանխելն է։
Օրէնքին անուանումը կը վերաբերի ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովին, որ 2004-ին Պուտափեշտի մէջ կացինահարեց հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը։ Հունգարիոյ կողմէ Պաքու արտայանձնուելէ ետք Սաֆարով ազատ արձակուեցաւ եւ պետական պարգեւներ ստացաւ։
Պաշտօնական Երեւանը կը պնդէ, որ այսպէս կոչուած «արեւմտեան ատրպէյճանցիներու» վերադարձի հարցը Պաքուի հետ չէ քննարկուած եւ պիտի չքննարկուի՝ յայտարարելով, որ խաղաղութեան հաստատումով պիտի փակուին թէ՛ Ղարաբաղեան շարժման եւ թէ՛ «արեւմտեան Ատրպէյճան»ի օրակարգերը։