Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումը աւարտեցաւ մեծ յաջողութեամբ
- (0)

ԲԻՒՐԱԿԱՆ.— «Արարատի համար՝ կանգուն» նշանաբանով կազմակերպուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումը Շաբաթ, 1 Օգոստոսին, իր աւարտին հասաւ Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ տեղի ունեցած փակման հանդիսաւոր արարողութեամբ։
Իննօրեայ բանակումը համախմբեց աշխարհի 26 երկիրներէ ժամանած շուրջ 900 սկաուտներ՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել Հ.Մ.Ը.Մ.ական կապերը, զարգացնել մասնակիցներուն սկաուտական հմտութիւնները եւ ազգային ու միութենական արժէքները փոխանցել նոր սերունդին։ Բանակումը յատկանշուեցաւ հարուստ յայտագիրով, բազմաթիւ այցելութիւններով եւ երկու նշանակալի իրագործումներով։
Փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ մեծաթիւ ծնողներ։
Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու կատարումէն ետք, մրցանակներ յանձնուեցան բանակումի աշխատանքներուն եւ մրցումներուն լաւագոյն մասնակցութիւն ցուցաբերած պատուիրակութիւններուն ու սկաուտներուն։ Յուշանուէրներ տրուեցան նաեւ բանակումին կազմակերպման եւ յաջողութեան նպաստած խմբապետներուն, բժիշկներուն, դասախօսներուն, կամաւորներուն եւ օժանդակ անձնակազմին։
Բանակումի ընդհանուր խմբապետ Ռուբէն Նալպանտեան իր հրաժեշտի խօսքին մէջ հաստատեց, որ բանակումը լիովին իրագործեց իր առաջադրած նպատակները՝ իրարու ծանօթացնելով տարբեր երկիրներէ ժամանած սկաուտները եւ ամրապնդելով համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրութիւնը։ Ան յատկապէս ընդգծեց 600 սկաուտներու մասնակցութեամբ Արագած լերան բարձրացումը եւ սկաուտներով աշխարհի մեծագոյն շուշանածաղիկի կազմութիւնը, որ արձանագրուեցաւ «Կինես»ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վահէ Թանաշեան իր կարգին շեշտեց, որ միութիւնը հիմնուած է ազգային ոգիի, եղբայրասիրութեան եւ կարգապահութեան երեք անսասան արժէքներուն վրայ։ Ան բանակողներուն կոչ ուղղեց իրենց շրջանները վերադառնալով բանակումին ոգին փոխանցելու իրենց մասնաճիւղերուն եւ իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնները ծառայեցնելու ժողովուրդին։
Պաշտօնական խօսքերէն ետք, վար առնուեցան ինը օր շարունակ բանակավայրին մէջ ծածանած դրօշները, իսկ բանակումին դրօշը յանձնուեցաւ ընդհանուր խմբապետին։ Հանդիսութիւնը փակուեցաւ բանակումի եւ ցտեսութեան երգերով՝ մասնակիցներուն կազմած մեծ շղթայով։
Փակման հանդիսութեան յաջորդեց Կիրակի, 2 Օգոստոսին, Երեւանի «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ կազմակերպուած խրախճանքը, որ համախմբեց աւելի քան հազար սկաուտներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարեկամներ։ Երեկոն խանդավառեցին երգիչներ Աբօ Սահակեան եւ Եսայի Ալթունեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով խօսք առնելով՝ Վիգէն Աւագեան շեշտեց, որ արձանագրուած յաջողութիւնը նոր պարտաւորութիւններ կը դնէ միութեան առջեւ։ Ան նշեց, որ յուսալքութեան եւ ապազգայնացման պայմաններուն մէջ Հ.Մ.Ը.Մ. կը շարունակէ յոյս, հայրենասիրութիւն եւ հաւաքական ուժ ներշնչել հայ ժողովուրդին՝ պատրաստելով ազգային նպատակներուն ծառայող սերունդներ։
Բանակումի ընթացքին մասնակիցները Երեւանի մէջ կատարեցին աւանդական տողանցք, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր, բարձրացան Արագած, ինչպէս նաեւ այցելեցին Կիւմրի, Սեւան, Սաղմոսավանք եւ Ապարան։ Շուրջ 350 սկաուտներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Բանակավայրէն ներս կազմակերպուեցան սկաուտական խաղեր, զարգացման մրցումներ, մշակութային եւ հայկական արուեստներու օրեր, դասախօսութիւններ ու խարուկահանդէսներ։ Յատուկ ձեռնարկով նշուեցաւ նաեւ Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 43-ամեակը։
1978-ին սկիզբ առած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու պատմութեան մէջ 13-րդ բանակումը առանձնացաւ իր կազմակերպուածութեամբ, նորարար յայտագիրներով եւ արձանագրած համաշխարհային իրագործումով՝ անգամ մը եւս հաստատելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի կենսունակութիւնն ու նոր սերունդներ պատրաստելու առաքելութիւնը։