Փութին եւ Ալիեւ քննարկած են երկկողմ համագործակցութիւնն ու միջազգային օրակարգը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յուլիս 28-ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած են՝ քննարկելով ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններն ու միջազգային օրակարգի այժմէական հարցերը։

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ երկու նախագահները ընդգծած են ռուս-ատրպէյճանական կապերու կառուցողական բնոյթը, ինչպէս նաեւ կառավարութիւններու եւ համապատասխան գերատեսչութիւններու մակարդակով երկխօսութեան աշխուժացումը։

Փութին եւ Ալիեւ վերահաստատած են փոխադարձաբար շահաւէտ համագործակցութիւնը շարունակելու իրենց պատրաստակամութիւնը։ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով հեռաձայնային զրոյցը բնութագրած է իբրեւ «ջերմ եւ բովանդակալից»։

Վերջերս նաեւ տեղի ունեցած էր Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային զրոյցը։ Փաշինեան նշած էր, որ հայկական ծագում ունեցող ապրանքներու Ռուսիա արտածման սահմանափակումները կը հակասեն Հայաստան–Ռուսիա իրաւապայմանագրային շրջանակին եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան կանոնակարգումներուն։ Ան խնդրած էր անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկել՝ առաջացած խնդիրները լուծելու համար։

Փեսքովի փոխանցմամբ՝ Փութին իր կարգին ընդգծած էր Հայաստանի մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան վերաբերեալ հանրաքուէն կարելի եղածին չափ շուտ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը։