Նկարասիրութիւնն այս
- (0)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Գիտեմ, որ շատեր չեն սիրեր լուսանկարուիլ։ Վստահաբար անոնք ունին իրենց պատճառներն ու պատճառաբանութիւնները։ Այդ մասին չեմ ուզեր խօսիլ։ Բայց անդին կան շա՜տ-շատե՛ր, որոնք կը սիրեն լուսանկարուիլ։ Նոյնիսկ շա՛տ կը սիրեն լուսանկարուիլ։
Ահա անոնց մասին մտածեցի, երբ անդրադարձայ, թէ այսօր որքա՛ն դիւրին է, որ դուն քու նկարդ առնես։ Բառ մըն ալ կը շրջի՝ selfie։ Ինչպէ՞ս թարգմանենք այս բառը. Ինքնանկա՞ր. եսանկա՞ր։ Հաւանաբար երկրորդը աւելի պիտի պատշաճի, քանի որ ինքնանկարը գործածած ենք այլ իմաստով, երբ ուզած ենք բնորոշել գեղանկարիչի մը կողմէ եղած նկարը, որ ինքզինքը կը ներկայացնէ։ Այս մասին՝ քիչ ետք։ Սելֆի բառին արմատը դիւրին չէ գտնել։ Առաջին անգամ երեւցեր է Աւստրալիոյ մէջ 2002-ին, բայց զայն գործածողը յայտներ է, թէ ինք չէ հնարած, այլ ռամկերէն հին բառ մըն է եղած՝ նոյն այդ ինքնանկարի իմաստով։
Սելֆին սակայն զիս ետ տարաւ իմ մանկութեանս, պատանեկութեանս, քանի որ այն ատեն ալ նման յարմարանք մը կար. Բառն ալ վերյիշեցի, թերեւս դուք ալ տեսած կամ լսած ըլլաք. ֆոթոմաթոն։ Այս ալ տարօրինակ բառ մը, որ հաւանաբար կազմուած է ֆոթօ եւ օթոմաթ բառերէն։ Խցիկներ էին, զանազան բազմամարդ փողոցներու մէկ անկիւնը, շարժանկարի սրահներու կամ այլ յաճախավայրերու մօտիկ, ուր մէկը կրնար ոչինչ վճարումով մը քանի մը վայրկեանի մէջ ստանալ երիզ մը՝ իր դէմքի ութ փոքրիկ լուսանկարով։ Նման երիզներ ալբոմներուս մէջ տեղ մը պէտք է պահած ըլլամ, բայց չկրցայ գտնել, սակայն լաւ կը յիշեմ, որ զուարթախոհ հայրս անգամ մը այդ տնակին մէջ նկարուեցաւ, իւրաքանչիւր նկարը տարբեր կապիկութեամբ մը…։ Կատականկարներ էին, որոնցմով մեզ կը զուարճացնէր…
Photomaton. ըսի տեսնեմ Կուկըլ բարեկամս բան մը ունի՞ պատմելիք այդ մասին։ Իրապէս ալ ոեւէ մէկը կրնայ դիմել անոր եւ դոկտորական աւարտաճառ մը գրելու չափ նիւթ գտնել։ Ես այնքանը տեղեկացնեմ միայն, որ այդ լուսանկարչական խցիկին գիւտը ըրած է Անաթոլ Ժոզեֆօ անունով մէկը 1925-ին Նիւ Եորքի մէջ եւ ինքն ալ զայն մկրտած է Ֆոթոմաթոն։ Գիւտը չի վերաբերիր խցիկին, այլ այն յատուկ թուղթին եւ քիմիական նիւթերուն, որոնցմով կարելի կ՚ըլլար երեւակել լուսանկար մը, որ, ինչպէս գիտէինք ատենին, մութ սենեակի մը մէջ մասնաւոր գործողութիւններէ կ՚անցնէր մինչեւ ի յայտ գալը։ Եւ ոչ այդքան արագ։ Յետոյ անշուշտ նման ճամբաներէ անցնելով զարգացաւ նաեւ Փոլարոյտը, որ նոյնպէս շատ արագ, եւ արդէն գունաւոր լուսանկարներ կ՚արտաբերէր լուսանկարչական խցիկէդ (այս անգամ իբր գամերա գործածելով այս բառը)։
Գիտցայ նաեւ, որ Ֆոթոմաթոնը մինչեւ այսօր կը գործէ, նոյնիսկ Մոնթրէալի մէջ բազմաթիւ տեղեր, սակայն արդէն 21-րդ դարու վայե՜լ միջոցներով՝ թուային լուսանկարչութեամբ, որ հիմքն է արդէն եսանկարին։
Հոս կ՚ուզեմ փակագիծ մը բանալ. Այս յօդուածս գրելու իսկ ընթացքին կարդացի շատ հետաքրքրական գիրքի մը մասին ակնարկ մը. հեղինակը Michelle Henning անունով դասախօսուհի մըն է Շիգակոյի համալսարանէն, իսկ գիրքը՝ A Dirty History of Photography, ցոյց կու տայ սեւ երեսը լուսանկարչութեան, որ մէկ կողմէն մեծ քանակութեամբ թունաւոր նիւթերու պէտք ունի, եւ անոնց թափօնով ալ կ՚ապականէ բնութիւնը, միւս կողմէ նոյն այդ նիւթերը արտադրող ընկերութիւնները նաեւ պատերազմներու ընթացքին օգտագործուող թունաւոր մահացու կազերու արտադրիչներն են1։
Խօսելով ինքնանկարներու մասին, մեզի ծանօթ են անուանի գեղանակրիչներու նման գործերը։ Նուազ ծանօթ են լուսանկարիչներու ինքնանկարները։ Ըստ առցանց միւս գործակիցիս՝ Վիքիին (աւելի ծանօթ՝Վիքիփետիա անունով), առաջին լուսանկարիչը Ռոպըրթ Գորնելիուսը (Robert Cornelius) եղած է, որ ինքնանկար մը առած է շատ արագ շարժելով՝ գործիքին ոսպնեակին կափարիչը հանած, գործիքին առջեւը վազած, ապա կափարիչը ետ դրած։ Այդ լուսանկարը Ֆիլատելֆիոյ մէջ իր շիրմաքարը կը զարդարէ։
Լուսանկարչական թէ նկարչական ինքնանկարները արուեստագէտներուն առիթ կու տան, որ իրենց դէմքը իսկական բացայայտեն, այն աստիճան, որ այսօր դժուար է գիտնալ թէ ո՞րն է իրաւը, բնական դէ՞մքը, որ կը տեսնենք, թէ նկարը։ Եւ այս մասին իմաստասէրներ երկար կը վիճին…
Մինչ անոնք կը վիճին, լուսանկարչական յարմարանքներով օժտուած մեր խելախօսները հետզհետէ աւելի դիւրութիւն կ՚ընծայեն մեզի բարեփոխելու մեր նկարը, առաւել գեղեցկացնելու, տպաւորի՜չ դարձնելու։ Եւ ինչպէ՞ս չյիշենք հիմա Մեծ եղեռնին որբացած մեր աղջիկները, որոնց լուսանկարը ղրկելով Նոր աշխարհ հասած երիտասարդներու, անոնց ուշադրութիւնը կը գրաւէին ու կը բերուէին ամուսնանալու համար անոնց հետ։ Երբեմն՝ ուրիշի՛ն լուսանկարը… Գրական գործ մըն ալ կայ, վէ՞պ, թէ՞ թատերախաղ, նման պատումով մը, եթէ չեմ սխալիր։
Այո, կ՚ըսեն, թէ մէկ լուսանկարը հազար բառ կ՚արժէ։ Բայց հակառակն ալ ճիշտ չէ՞. հազար լուսանկար մէկ բառի արժէք կրնայ չունենալ։
Բայց արդէն սելֆիէն շատ հեռացանք ու սկսանք մտնել բնազանցութեան սահմաններէն ներս։
- Jean-François Nadeau, Pas toujours nette, l’histoire de la photo, Le Devoir, 2026-05-23/24