Խմբագրական. Շինծու դատարաններէն անդին. «Իրաւական պատերազմի» նշանակութիւնը

Անցնող շաբթուան ընթացքին, Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող հայ պատանդներու եւ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հարցը վերստին յայտնուեցաւ իրաւաքաղաքական զարգացումներու կիզակէտին։ Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Ռուբէն Վարդանեանի դատը վերջապէս պիտի ներկայացուի Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին (ՄԻԵԴ), իսկ Դաւիթ Իշխանեան բանտախուցէն յղած իր ուղերձով յստակօրէն շեշտեց, որ իրենք հետեւողականօրէն կը սպառեն Ատրպէյճանի ներքին իրաւական բոլոր ընթացակարգերը։ Անոնք քաջ կը գիտակցին, որ թշնամի երկրին մէջ արդարութիւն կամ արդարադատութիւն գոյութիւն չունի, սակայն այս ձեւական հոլովոյթին ենթարկուիլը պարզապէս անհրաժեշտ նախապայման է եւրոպական բարձրագոյն ատեաններուն դիմելու եւ դատական լիարժէք գործընթաց սկսելու համար։

Շատերու համար այս կացութիւնը կրնայ անյոյս եւ յուսահատական թուիլ՝ յատկապէս նկատի ունենալով Ատրպէյճանի մէջ բարոյականութեան եւ արդարութեան ի սպառ բացակայութիւնը։ Այս յուսաբեկութիւնը շատ աւելի կը խորանայ՝ տեսնելով Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն յանցաւոր լռութիւնն ու բացայայտ անտարբերութիւնը։ Գործ ունինք վարչակարգի մը հետ, որ փաստօրէն շատ աւելի գոհ է այս ազգային հերոսներուն ու պետական գործիչներուն մեկուսացումէն, քան շահագրգռուած՝ անոնց անյապաղ ազատագրումով։

Սակայն, Եւրոպայի մէջ բողոքարկման այս գործընթացը լոկ իրաւաբանական ընթացակարգային քայլ չէ, այլեւ՝ կարեւոր ու կենսական քաղաքական լծակ։ Այս գործընթացի կարեւորութիւնը պէտք է դիտարկել աշխարհաքաղաքական դիտանկիւնէ։ Ատրպէյճանը յստակօրէն կը կիրարկէ «պատանդառութեան դիւանագիտութիւն»՝ մեր գործիչները որպէս ճնշման լծակ եւ սակարկութեան առարկայ օգտագործելու համար։ Մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները, առաջնորդուելով պարտուողական պատրանքներով, կը խուսափին որեւէ կոշտ հակաքայլէ եւ հարցը կը մղեն լուսանցք, եւրոպական հարթակի վրայ այս դատավարութիւնները կը վերածուին իւրայատուկ «իրաւական պատերազմի» (lawfare)։ Եւրոպական բարձրագոյն ատեաններու վճիռները բարոյական դատապարտումներէ շատ աւելին են. անոնք կը փաստագրեն Ատրպէյճանի պետական յանցագործութիւնները եւ վերջ կու տան անոր դիւանագիտական խուսանաւումներուն։ Աւելին, անոնք Արեւմուտքի որոշում կայացնողներուն ձեռքին մէջ կը դնեն յստակ իրաւական հիմքեր՝ Պաքուի վրայ թիրախային ճնշումներ բանեցնելու համար՝ զրկելով միջազգային հանրութիւնը հարցը զուտ որպէս «երկկողմանի քաղաքական վէճ» ներկայացնելու պատրուակէն։

Ճիշդ այստեղ է, որ Հայկական իրաւական կեդրոնի (ALC) եւ ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի աշխատանքը կը ստանայ վճռորոշ նշանակութիւն։ Անոնք պարտադրուած են լեցնելու հայկական պետականութեան ձգած վտանգաւոր բացը՝ մեր ազգային բարոյական ցասումը վերածելով շօշափելի քաղաքական լծակի։

Այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն աջակցիլը սոսկ համակրանքի դրսեւորում չէ, այլեւ՝ գիտակից ներդրում համակարգուած ռազմավարութեան մը մէջ։ Անիկա միակ գործնական ճանապարհն է չեզոքացնելու Պաքուի շանթաժը, մերկացնելու Հայաստանի իշխանութիւններու քաղաքական սնանկութիւնը եւ ստեղծելու այն իրական դիւանագիտական պաշարումը, որ պիտի յանգեցնէ մեր գերեվարուած ղեկավարներու եւ հայրենակիցներու արդար ազատագրման։

«Հորիզոն»