Ռուբէն Վարդանեանի դատական գործը պիտի ներկայացուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան

ԵՐԵՒԱՆ — Շուրջ երեք տարիէ ի վեր Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ պահուող եւ 20 տարուան ազատազրկման դատապարտուած Արցախի նախկին պետական նախարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի դատական գործով դիմում պիտի ներկայացուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)։

Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ եւ Հայկական իրաւական կեդրոնի (Armenian Legal Centre for Justice and Human Rights) գործադիր տնօրէն Սիրանուշ Սահակեան «Ազատութեան» յայտնած է, որ վերջապէս կարելի եղած է ստանալ Վարդանեանի դատավճիռը, որ անհրաժեշտ էր ՄԻԵԴ-ի մէջ գործընթացը սկսելու համար։ Անոր համաձայն՝ դիմումը դատարան պիտի ներկայացուի յառաջիկայ շաբաթներուն։

Սահակեան ընդգծած է, որ պաշտպանական կողմը պիտի փաստէ Վարդանեանի դէմ առաջադրուած մեղադրանքներուն քաղաքական բնոյթը։ «Հաւաքական ինքնորոշման իրաւունքը ապօրինաբար որակուած է իբրեւ ահաբեկչութիւն, մինչդեռ չի կրնար պատիժ սահմանուիլ՝ առանց օրէնքով նախատեսուած արարքի», ըսած է ան։

Միւս 15 հայ գերիներուն, ներառեալ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անդամներուն դատավճիռները, Պաքու տակաւին չէ տրամադրած ո՛չ բանտարկեալներուն, ո՛չ ալ անոնց փաստաբաններուն՝ հակառակ անոր, որ վճիռները հրապարակուած են ութ ամիս առաջ։

Սահակեանի կարծիքով՝ Ատրպէյճան այս ձեւով կը փորձէ խոչընդոտել միջազգային բողոքներու ներկայացումը։ ՄԻԵԴ-ը միջանկեալ որոշումով պահանջած է, որ Պաքու մինչեւ 31 Օգոստոս դատավճիռները ներկայացնէ դատարանին։

Պաքուի զինուորական դատարանը Փետրուարին 16 հայ գերիներ, ներառեալ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անդամները, դատապարտած էր ցմահ կամ երկարատեւ ազատազրկման։