Ութ ընդդիմադիր ուժեր դատապարտեցին Ծառուկեանի դէմ գործողութիւնները

ԵՐԵՒԱՆ — Ութ ընդդիմադիր քաղաքական ուժեր միացեալ յայտարարութեամբ դատապարտեցին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ իրականացուող գործողութիւնները՝ զանոնք որակելով քաղաքական հալածանք։

Յայտարարութեան հեղինակները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Ծառուկեանին եւ ընդգծեցին, որ քաղաքական հայեացքներու եւ ընդդիմադիր գործունէութեան պատճառով որեւէ անձի նկատմամբ ճնշումը անընդունելի է ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութեան մէջ։ Անոնք պնդեցին, որ իշխանութիւնները իրաւապահ մարմինները կը գործածեն ընդդիմութիւնը չէզոքացնելու եւ վախի մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով։

Յայտարարութիւնը ստորագրած են ՀՅԴ-ն, «Հայաքուէ»-ն, Հայ ազգային գոնկրէսը, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, «Դեմոկրատական այլընտրանք»-ը, «Մայր Հայաստան»-ը եւ Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը։

Յուլիս 6-ի առաւօտուն իրաւապահ մարմինները խուզարկութիւններ կատարեցին աւելի քան 70 հասցէներու մէջ, ներառեալ Ծառուկեանի առանձնատունն ու անոր պատկանող ընկերութիւնները։ Ծառուկեան ձերբակալուեցաւ, իսկ դատարանը սկսաւ անոր նկատմամբ խափանման միջոցի հարցին քննութիւնը։