Գագիկ Ծառուկեան ձերբակալուեցաւ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, գործարար Գագիկ Ծառուկեան ձերբակալուեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ Քննչական կոմիտէ։ Անոր փաստաբանները յայտնեցին, որ դատարան պիտի ներկայացուի կալանաւորման միջնորդութիւն։
Քննչական կոմիտէն կը յայտնէ, որ Ծառուկեանի կազմակերպմամբ գործող խումբ մը 2022-2024 թուականներուն, Հայաստան-Իրան առեւտրական կապեր զարգացնելու պատրուակով, առերեւոյթ կատարած է առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւն եւ դրամներու լուացում։ Ըստ Քննչական կոմիտէին, խօսքը շուրջ 21 միլիոն տոլարի, ինչպէս նաեւ վառելիքի ներկրման առանձին գործարքով շուրջ 934 հազար տոլարի ենթադրեալ հափշտակութեան մասին է։
Դատական գործի ծիրէն ներս իրաւապահները խուզարկութիւններ կատարած են աւելի քան 70 հասցէներով՝ ներառեալ Ծառուկեանի առանձնատունը, «Մուլտի Գրուպ»-ի ընկերութիւնները, «Արարատցեմենտ»-ը, «Մուլտի Վելնես»-ը, «Մուլտի Սթոուն»-ը, «Օլիմպաւան»-ը եւ Հայաստանի Ազգային օլիմպիական կոմիտէի շէնքը։ Ծառուկեանի խօսնակ Իվետա Տոնոյեանի փոխանցմամբ՝ շարք մը շէնքեր կապարակնքուած են, իսկ աշխատակիցները դուրս բերուած են։
Ծառուկեանի փաստաբանները մեղադրանքները որակեցին անհիմն եւ քաղաքականապէս մղուած՝ պնդելով։ ԲՀԿ-ն եւս գործընթացը կը ներկայացնէ որպէս քաղաքական հաշուեյարդար՝ կապելով զայն Նիկոլ Փաշինեանի նախընտրական եւ հետընտրական սպառնալիքներուն հետ։
Իշխանութիւններու այս լայնածաւալ գործողութիւնները տեղի կ՛ունենան յետընտրական լարուած մթնոլորտի մէջ, երբ ընդդիմադիր ուժերը կը շարունակեն վիճարկել ընտրութիւններու օրինականութիւնը։ Թէեւ Քննչական կոմիտէն կը պնդէ, որ գործը կը վերաբերի տնտեսական յանցագործութիւններու, գործողութիւններու չափը, ժամանակագրութիւնը եւ ընդդիմադիր առաջնորդներու նկատմամբ նախապէս հնչած հրապարակային սպառնալիքները նոր հարցեր կը բարձրացնեն Հայաստանի մէջ իրաւապահ համակարգի քաղաքական չէզոքութեան եւ ընդդիմութեան նկատմամբ փաստացի ճնշումներու մասին։