Միշուստին եւ Փաշինեան հանդիպեցան ընտրութիւններէն ետք առաջին անգամ

ԵՐԵՒԱՆ — Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եքադերինպուրկի մէջ հանդիպեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի հետ՝ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Ռուսիա կատարած իր առաջին աշխատանքային այցելութեան ընթացքին։

Հանդիպման հրապարակային բաժնին Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան «յանձնառու է» Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ շահագրգռուած է շարունակելու իր մասնակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան։ Միշուստին, իր կարգին, յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը պիտի ապահովէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացումը «բարեկամութեան եւ բարիդրացիութեան ոգիով» եւ պիտի ստեղծէ «հարմարաւէտ միջավայր» ռուս ներդրողներու համար։

Ուշագրաւ է, որ ընտրութիւններէն գրեթէ մէկ ամիս անց Մոսկուա մինչեւ այսօր պաշտօնապէս չէ շնորհաւորած Փաշինեանը։ Հանդիպման հրապարակային բաժնին եւս այդ մասին որեւէ ակնարկ չեղաւ։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու լարուած խորապատկերին վրայ, երբ Մոսկուա շուրջ մէկ ամիս է սահմանափակումներ կը կիրարկէ հայկական ապրանքներու՝ յատկապէս միրգի եւ բանջարեղէնի ներմուծման ու տարանցման նկատմամբ։ Վերջին շաբաթներուն Փաշինեան կոշտ յայտարարութիւններ կատարած էր ԵԱՏՄ-ի հասցէին՝ հարցադրելով, թէ միութիւնը «կա՞յ, թէ՞ չկայ», սակայն Եքադերինպուրկի մէջ վերահաստատեց Հայաստանի հետաքրքրութիւնը նոյն կառոյցին մէջ մնալու նկատմամբ։

Նախընտրական շրջանին Փաշինեան յայտարարած էր, որ ընտրութիւններէն ետք կը նախատեսէ հանդիպիլ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Առայժմ, սակայն, նման հանդիպման մասին պաշտօնական հաղորդում չկայ։