Գանատա եւ Թուրքիա կը քննարկեն երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման հեռանկարները

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտ յունիս 25 եւ 26-ին ընդունեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը՝ Օթթաուայի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները խորացնելու եւ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովէն առաջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու նպատակով։

Քննարկումներու օրակարգին վրայ էին տարածաշրջանային անվտանգութիւնը, ուժանիւթը, պաշտպանութիւնը, օդատիեզերական եւ հանքարդիւնաբերական ոլորտները, իսկ երկու նախարարները այցելեցին նաեւ Օնթարիոյի Darlington հիւլէակայան։

Այցը, սակայն, մտահոգութիւն յառաջացուցած է գանատահայութեան մօտ՝ նկատի ունենալով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը, Ատրպէյճանին ցուցաբերած աջակցութիւնը եւ 2020-ի Արցախեան պատերազմի ընթացքին գանատական ռազմական արհեստագիտութեան Ատրպէյճան փոխանցման պատճառով առաջացած վստահութեան ճգնաժամը, որուն հետեւանքով Օթթաուա ժամանակին դադրեցուցած էր ռազմական արտահանման արտօնագիրները Թուրքիոյ նկատմամբ։ժամանակին դադրեցուցած էր ռազմական արտահանման արտօնագիրները Թուրքիոյ նկատմամբ։