Քնեսեթը յառաջիկայ շաբաթ պիտի քուէարկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին շուրջ
- (0)

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Իսրայէլի խորհրդարանը՝ Քնեսեթը, յառաջիկայ շաբաթ պիտի քուէարկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող բանաձեւին շուրջ։ Իսրայէլեան «Այ24Նիուզ»-ի հաղորդումով՝ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար երեքշաբթի օր բանաձեւը ներկայացուցած է Քնեսեթի լիագումար նիստին՝ կառավարութեան միաձայն հաւանութենէն ետք։
Իր ելոյթին մէջ Սաար շեշտած է, որ այլեւս որեւէ արդարացի պատճառ չկայ յետաձգելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կամ խուսափելու այդ քայլէն։ Ան ընդգծած է, որ հարցը Իսրայէլի համար ոչ միայն պատմական, այլեւ բարոյական պարտաւորութիւն է։
«Այ24Նիուզ»-ի համաձայն՝ Սաար յայտարարած է, թէ Իսրայէլի կառավարութիւնը, առաջնորդուելով բարոյական եւ պատմական պատասխանատուութեամբ, որոշած է ճանչնալ հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին գործադրուած ցեղասպանութիւնը։ Ան նշած է, որ խօսքը աւելի քան մէկ դար առաջ տեղի ունեցած ահաւոր ոճիրի մը մասին է, որուն հետեւանքով մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ գացին։
Անդրադառնալով հարցի քաղաքական զգայունութեան՝ Սաար ընդգծած է, որ այս քայլը պէտք է դիտուի իբրեւ պատմական ճշմարտութեան հաստատում, եւ ոչ թէ ժամանակաւոր քաղաքական հաշուարկ։ «Կառավարութեան մէջ մեր տուած որոշումը Իսրայէլի կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումն է։ Երբեք ուշ չէ ճիշդ որոշումը կայացնելու», ըսած է ան։
Սաար նաեւ յայտնած է, որ կառավարութիւնը որոշած է հարցը ուղղակիօրէն ներկայացնել Քնեսեթին, որպէսզի բանաձեւը քննարկուի եւ դրուի լիագումար նիստի քուէարկութեան։ Ան խորհրդարանի անդամներուն կոչ ուղղած է յառաջիկայ շաբաթ քուէարկել բանաձեւին օգտին եւ Իսրայէլի օրէնսդրական կեցուածքը համապատասխանեցնել պատմական ճշմարտութեան։