«Հորիզոն» Մետիան հինգերորդ տարին ըլլալով կը նախաձեռնէ ուսանողական վարժողական ծրագիր
- (0)

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- «Հորիզոն»ի խմբագրութեան ուղղուած 10 ապրիլ 2026 թուակիր նամակով մը, Գանատայի Ինքնութեան եւ Մշակոյթի նախարար Մարգ Միլըր կը յայտնէր, թէ նախարարութիւնը գնահատելով «Հորիզոն» Մետիայի համագանատական բնոյթի տեղեկատուական եւ լրագրական տասնամեակներու աւանդը, վերստին կը հովանաւորէ ամառնային ուսանողական վարժողական ծրագիրը (Internship program)։
Վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը ներառուած է Արդիւնաբերութեան նախարարուհի Մելանի Ժոլիի Ահունցիք-Գարթիէրվիլ ընտրատարածքի «Գանատայի ամառնային աշխատանքներ» ենթածրագրին մէջ։
2026 թուականի ուսանողական վարժողական ծրագրին համար դիմում կատարած մոնթրէալահայ թեկնածուներէն Սեւակ Վ. Ղազարեան եւ Սահակ Մուտարիկեան ընտրուեցան ծրագրի գործակատարներ։
Սեւակ Վ. Ղազարեան նախակրթարանի եւ երկրորդականի իր ուսումը ստացած է Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգ. Վարժարանէն, յաճախած է Bois Du Dologne քոլէճը, իսկ ներկայիս կը հետեւի «McGill» համալսարանի ուսողութիւն եւ բնագիտութիւն ուսման: ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան տեղական մասնաճիւղի վարչութեան անդամ է, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի սկաուտական խմբապետ։ Ան նաեւ մաս կազմած է Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին:
Սահակ Մուտարիկեան իր երկրորդական ուսումը ստացած է Լիբանանի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգ. գոլէճէն, իսկ ներկայիս կը յաճախէ «Saint-Laurent centre éducatif» գոլէճը: Մաս կը կազմէ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ Պատանեկան Միութեան՝ որպէս վարիչ: Անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմին եւ ոտնագնդակի խումբերուն՝ Լիբանան եւ Մոնթրէալ:
Ծրագրի գործակատարները «Հորիզոն»ի ամէնօրեայ խմբագրական աշխատանքներու ծիրէն ներս պիտի կատարեն թարգմանութիւններ, գաղութային ձեռնարկներու թղթակցութիւններ, հարցախոյզներ, լրատուական եւ խմբագրական աշխատանք, ինչպէս նաեւ արխիւներու թուայնագրում:
Նշենք, որ 2016-ին, 2017-ին, 2018-ին, եւ 2019-ին Գանատայի Ժառանգութեան նախարարութեան կողմէ հովանաւորուած «Հորիզոն»ի վարժողական ծրագրի գործակատարները եղած են Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտներ Արին Տիմիթեանը, Կորիւն Գոյունեանը, Վազգէն Գարագաշեանը եւ Յովիկ Կէտիկեանը, որոնք 6 շաբաթներու վրայ երկարող ծրագրի ընթացքին աշխատեցան «Հորիզոն»ի խմբագրական եւ վարչական բաժանմունքներուն մէջ եւ կարեւոր ներդրում ունեցան արխիւագրելու «Հորիզոն»ի 40 տարիներու թիւերը։