Ռուբէն Ռուբինեան՝ Ազգային ժողովի նախագահի ՔՊ-ի թեկնածու
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութիւնը Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու ընտրեց Ռուբէն Ռուբինեանը։ Այս մասին նիստէն ետք լրագրողներուն յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան՝ նշելով, որ որոշումը կայացած է քննարկումէ եւ գաղտնի քուէարկութենէ ետք։
ԱԺ նախագահի պաշտօնին համար իշխանական ճամբարին մէջ առաջադրուած էին երեք թեկնածուներ՝ գործող նախագահ Ալէն Սիմոնեան, ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան եւ ՔՊ խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան։
Ռուբինեան տեղեկացուց, որ ԱԺ փոխնախագահներու հարցը պիտի քննուի յաջորդ փուլին։ Ըստ անոր, պիտի բացուի առաջադրումներու ընթացակարգը, եւ փոխնախագահները պիտի ընտրուին նոյն ձեւաչափով։
Ազգային ժողովի նախագահը կ’ընտրուի նորընտիր խորհրդարանի առաջին նստաշրջանին՝ գաղտնի քուէարկութեամբ եւ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ։ Խորհրդարանը կ’ունենայ երեք փոխնախագահ, որոնցմէ մէկը պէտք է ըլլայ ընդդիմադիր խմբակցութենէ։
Յունիս 7-ի ընտրութիւններու արդիւնքներով խորհրդարան անցած են ՔՊ-ն, «Ուժեղ Հայաստան»-ը եւ «Հայաստան» դաշինքը։ Սակայն քաղաքական պատկերը տակաւին վերջնական չէ, քանի որ ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկուած են Սահմանադրական դատարանին մէջ, ուր քննութեան առարկայ է նաեւ ԲՀԿ-ի խորհրդարանէն դուրս մնալու հարցը։