Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան» Շաբաթօրեայ վարժարանի 2025-2026 տարեշրջանի Ամավերջի հանդէսը
- (0)

Ս․ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան» Շաբաթօրեայ վարժարանի Ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 6 յունիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ս․ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» թատերասրահին մէջ։
Հանդէսը սկսաւ Հայաստանի եւ Ս․ Յակոբ վարժարանի քայլերգներով, որմէ ետք Տիգրանակերտ խումբի աշակերտները բարի գալուստի խօսքերով հանդէս եկան:
Երաժշտութեան ուսուցիչ Յովսէփ Չաղլասեանի ղեկավարութեամբ, վարժարանիս աշակերտները երգեցին «Գարուն», «Հայոց Այբուբեն», «Արտուտիկ», «Կաքաւիկ» եւ «Տարուան չորս եղանակաները» երգերը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով սրահէն ներս։
Բեմ բարձրացան Վան եւ Էրեբունի խումբերու աշակերտները եւ իրենց վտիտ բայց ճկուն շարժումներով ներկայացուցին «Գլուխ, ուս ու մատիկներ» երգին պարը։
Անոր յաջորդեց արտասութիւններու փունջ մը՝ Գարուն, Ամառ, Աշուն եւ Ձմեռ, որոնք յաջորդաբար ներկայացուեցան Սիս, Անի, Էրեբունի եւ Վան խումբերուն կողմէ։
Վարժարանիս աշակերտ Անթոնի Ֆարահ դաշնամուրի վրայ հմուտօրէն նուագեց Ա․ Խաչատուրեանի Անտանթինօ կտորը, որմէ ետք խումբ մը աղջիկներ պարեցին «Ուզունտարա» պարը, իսկ տղաքը՝ «Արցախ» պարը, ղեկավարութեամբ տիկին Զեփիւռ Լուլուին։
Հասաւ հանդէսի ամենահետաքրքրական բաժինը՝ թատերգութիւնը։ Տիկին Սեդա Մանկասարեան Պալիոզեանի ղեկավարութեամբ, վարժարանիս աշակերտները ներկայացուցին «Տարուան չորս եղանակաները», որուն մէջ մայր բնութիւնը իր չորս զաւակները հաւաքած կը զրուցէ անոնց հետ, մինչ չարաճճի քամին, որոտումն ու փոթորիկը կու գան ու կ’աւրեն ամէն ինչ, որ մայր բնութեան չորս զաւակները կառուցած էին։ Մայր բնութիւնը կը յորդորէ ու կը քաջալերէ զիրենք, որ վերստին վերաշինեն այն ինչ որ քամին, որոտումն ու փոթորիկը քանդած էին, ընդգծելով համբերութեան, յարատեւութեան եւ համագործակցութեան արժէքը։
Թատերգութենէն ետք, անգամ մը եւս Տիգրանակերտ խումբի աշակերտները բեմ բարձրացան եւ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին ուսումնական տարուան յիշարժան պահերը։ Անոնք յիշեցին մեղուաբուծարան այցելութիւնը, Ղափամայի օրը, Կաղանդի հաւաքոյթը, թէ ինչպէ՛ս սորվեցան Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպի ուսուցումը, Տեառնընդառաջի խորհուրդը, Պահքի եօթ շաբաթներն ու անոնց անունները, Զատկուան հաւաքոյթն ու հաւկթախաղը, Ապրիլեան եղեռնի յուշարձանի այցելութիւնը, Մայրերու օրուան առթիւ ծաղիկներու պատրաստութիւնը, Մայիսեան յաղթանակին նուիրուած տողանցքի մասնակցութիւնը եւ այլն:
Գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ, երբ Տիգրանակերտ խումբէն Լորի Քեսապլեան մեներգեց «Սարդարապատ» երգը, որուն ընկերակցեցան Կարօտ Արսլանեան եւ Յակոբ Ակոբեան։
Ապա խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէնուհի տիկին Շողիկ Ազարիկեան Ադամեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք անվերապահօրէն իրենց զաւակները վստահած են այս կրթօճախին, որ արդէն 65 տարիներէ ի վեր անխափանօրէն կը գործէ ու իր տաքուկ գիրկին մէջ կը հասցնէ սերունդներ, որոնք ամուր կառչած կը մնան իրենց արմատներուն, լաւ կը ճանչնան իրենց լեզուն, մշակոյթը եւ հաւատարիմ տէրն ու պահակներն են իրենց ինքնութեան։
Տնօրէնուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ս․ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ հովիւին, որոնք մշտապէս զօրավիգ կանգնած են Շաբաթօրեայ վարժարանին եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն անոր բարգաւաճման։ Տիկին Ազարիկեան անդրադարձաւ նաեւ Ծնողական յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն, որոնք տարուան ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին իւրաքանչիւր ձեռնարկի, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուին անոնք։
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր նուիրատուներուն եւ հայ դպրոցին հաւատացող բոլոր բարերարներուն, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումը կը բերեն վարժարանի բարգաւաճման։
Այնուհետեւ գնահատանքի յուշանուէրներ յանձնեց այն աշակերտներուն, որոնք շաբաթ մը առաջ մասնակցած էին Հայաստանի Ա․ Անկախութեան նուիրուած տողանցքին։
Օրուան պատգամը փոխանցեց Տ․ Գառնիկ Աւագ Քհն․ Գոյունեան եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ցուցադրուած տեսերիզին մէջ փեթակին ու անոր իւրաքանչիւր բջիջին մէջ գրուած աշակերտներու անուններուն մասին եւ հաստատեց, թէ իրապէս վարժարանիս աշակերտները կը նմանին մէկական մեղուներու, որոնք ամբողջ տարի մը աշխատեցան, սորվեցան, գրեցին, կարդացին ու երգեցին միշտ հայերէն։
Հուսկ, Տէր Գառնիկը «Հայր Մեր» աղօթքով փակեց օրուան ձեռնարկը։
Հանդէսի աւարտին բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան վարժարանիս խմբավայրը եւ հիւրասիրուեցան Ծնողական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ուտելիքներով։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն եւ վաճառուեցան Հայրերու օրուան առիթով յուշանուէրներ, պատրաստուած տնօրէնութեան կողմէ։
Ներկաները գոհունակութեամբ եւ շատ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան ու հաստատեցին, թէ Սեպտեմբեր ամսուան անգամ մը եւս պիտի հաւաքուին Շաբաթօրեայ վարժարանի հովանոցին տակ ու շարունակեն հայեցի կրթութեան եւ ազգային դաստիարակութեան գեղեցիկ ուղին։
«Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան» Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւն