ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Մոնթրէալ-Լաւալի մասնաճիւղի անդամները այցելեցին Գանատայի խորհրդարան

ՕԹԹԱՈՒԱ — ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Մոնթրէալ-Լաւալի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի անդամներու պատուիրակութիւն մը երկուշաբթի, յունիս 15-ին այցելեց Օթթաուա՝ մօտէն ծանօթանալու Գանատայի խորհրդարանական համակարգին եւ ժողովրդավարական կառոյցներուն։

Պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ դաշնակցային երեսփոխան Ֆայսալ Էլ-Խուրիի կողմէ, որ հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ, քննարկեց զանոնք հետաքրքրող հարցեր եւ լուսաբանեց խորհրդարանի աշխատանքներուն մասին։

Այցելութեան ընթացքին ԳԵՄ-ի անդամները շրջայց կատարեցին Գանատայի խորհրդարանին մէջ, ներառեալ նիստերու մայր դահլիճը եւ խորհրդարանական յանձնաժողովներու սրահները։ Անոնք նաեւ հետեւեցան խորհրդարանական բանավէճի մը՝ աւելի մօտէն ծանօթանալով օրէնսդրական գործընթացներուն, խորհրդարանական քննարկումներուն եւ երկրի քաղաքական օրակարգին վրայ գտնուող հիմնական հարցերուն։

Այցելութիւնը երիտասարդներուն համար կարեւոր առիթ մը հանդիսացաւ՝ աւելի լաւ հասկնալու Գանատայի ժողովրդավարական հաստատութիւններու աշխատանքը եւ ընտրեալ ներկայացուցիչներու դերը երկրի ընդհանուր քաղաքականութեան ձեւաւորման մէջ։