Կարապետեան. Պատգամաւորական աթոռներէն հրաժարելու խօսոյթը իշխանութիւնն է որ կը զարգացնէ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.— «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան յայտարարեց, որ Ազգային Ժողովի պատգամաւորական աթոռներէն հրաժարելու խօսոյթը կը զարգացնեն իշխանութիւնն ու անոր աջակցող ուժերը, մինչ ընդդիմութիւնը այս հարցով վերջնական որոշում տակաւին չէ կայացուցած։
Կարապետեանի համաձայն, հարցը պէտք է քննարկուի բոլոր ընդդիմադիր ուժերուն հետ։ Ան շեշտեց, որ եթէ ընդդիմութիւնը հրաժարի պատգամաւորական աթոռներէն, իշխանութիւնը հնարաւորութիւն կը ստանայ Ազգային Ժողովը միանձնեայ կերպով ղեկավարելու։ Իսկ աթոռները ստանձնելու պարագային կը ծագի իշխանութեան օրինականութիւնը ամրապնդելու վտանգը։
Ան նշեց, որ իրենց յաջորդ քայլը Սահմանադրական Դատարան դիմելն է՝ ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու պահանջով։ Կարապետեան նաեւ պնդեց, որ ԲՀԿ-ն անցած է 4 տոկոսի շեմը, սակայն երեք ընտրատարածքներու արդիւնքները չեղարկուած են, եւ հարցին տրուած է ապօրինի լուծում։
«Ուժեղ Հայաստան»-ի առաջնորդը ընդգծեց, որ ինչ որոշում ալ կայացուի, իրենց պայքարը իշխանափոխութեան համար պիտի շարունակուի։ Ան նաեւ կոչ ուղղեց այն քաղաքական ուժերուն, որոնք իսկապէս կը ցանկան պայքարիլ եւ չեն գործակցիր Փաշինեանի հետ, բաց եւ թափանցիկ ձեւով ներգրաւուելու ընթացող աշխատանքներուն։