Ֆիտան եւ Լաւրով քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը
- (0)

ՄՈՍԿՈՒԱ․ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ կայացած բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկած են Հարաւային Կովկասի իրավիճակը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան գործընթացը։
«Մանրամասն քննարկեցինք Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան գործընթացը։ Ասիկա տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար շատ կարեւոր գործօն է», ըսած է Ֆիտան։