Շաբթուան ամփոփումը (11 յունիս 2026)
- (0)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։
Գանատա Եւ Սփիւռք
– ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն խոր վիշտով յայտարարեց իր նախկին անդամ, վաստակաշատ եւ նուիրեալ դաշնակցական ընկ. Հրաչ Մանուկեանի մահը։ Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան իտէալներուն, Հայ Դատի հետապնդման եւ գանատահայ համայնքի կազմակերպման ու հզօրացման գործին՝ տասնամեակներ շարունակ իր փորձառութիւնն ու կարողութիւնները ծառայեցնելով ազգային նպատակներուն։ Կեդրոնական կոմիտէն ընդգծեց, որ ընկ. Մանուկեան պիտի յիշուի որպէս սկզբունքային, ազնիւ եւ հաւատաւոր գործիչ, եւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնեց անոր ընտանիքին, հարազատներուն ու գաղափարակից ընկերներուն։
Հայաստան եւ Արցախ
– Նախնական արդիւնքներուն համաձայն, Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր տեղի ունեցած իններորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝ ստանալով 49.825 առ հարիւր քուէ, որուն յաջորդեցին «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները, մինչ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը ընդամէնը 0.004 առ հարիւրով չյաղթահարեց անցողիկ շեմը, պահանջելով վերահաշուարկ։ Ընտրական գործընթացը ուղեկցուեցաւ ընտրախախտումներու, վարչական լծակներու չարաշահման, քաղաքական ճնշումներու եւ արտաքին միջամտութեան մասին բազմաթիւ ահազանգերով, իսկ ընդդիմութիւնը քննադատեց նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի վաղաժամ յաղթանակի յայտարարութիւնը։ Մինչ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան կազմակերպութիւնը արձանագրեց բեւեռացած քարոզարշաւի եւ բաժանարար հռետորաբանութեան առկայութիւնը։ Միաժամանակ շարք մը արեւմտեան ղեկավարներ շտապեցին շնորհաւորելու Փաշինեանը, իսկ Մոսկուան յայտարարեց, որ կը սպասէ վերջնական արդիւնքներուն՝ զգուշացնելով Հայաստանի ներքին բեւեռացման խորացման վտանգէն։
– «Հայաստան» դաշինքը յայտարարեց, որ պիտի վիճարկէ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները՝ պնդելով, թէ ընտրական գործընթացը ընթացած է վարչական լծակներու չարաշահումներու, ընդդիմադիրներու նկատմամբ ճնշումներու եւ բազմաթիւ ընտրախախտումներու պայմաններու մէջ։ Դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան տեղեկացուց, որ հետագայ քայլերը կը քննարկուին ընդդիմադիր գործընկերներուն հետ, մինչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, թէ շարք մը ընտրատեղամասերու արդիւնքները բողոքարկուած են վերահաշուարկի համար, իսկ դաշինքը կը պատրաստուի նաեւ դիմելու Սահմանադրական դատարան։ Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ խորհրդարանական մանդատներու հարցով վերջնական որոշումը պիտի կայացուի ընդդիմադիր ուժերու միասնական խորհրդակցութիւններէն ետք եւ յայտարարեց, թէ իրենք պիտի շարունակեն իրենց քաղաքական պայքարը՝ չհամակերպելով ստեղծուած իրավիճակին։
– Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան արձանագրած անճշդութիւնները պիտի ուղղուին եւ արտացոլան ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն մէջ։ Նախնական տուեալներով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ստացած է 3.996 առ հարիւր ձայն եւ կը սպասէ վերահաշուարկներու աւարտին՝ պարզելու համար, թէ արդեօք պիտի յաղթահարէ՞ խորհրդարան մտնելու շեմը։ Միեւնոյն ժամանակ, «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ իր հետագայ քայլերուն վերաբերեալ որոշումը պիտի կայացնէ վերահաշուարկի արդիւնքներէն ետք՝ նշելով, թէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խորհրդարան անցնելու պարագային, ընդդիմութիւնը աւելի լայն հնարաւորութիւններ պիտի ունենայ խորհրդարանական հակակշիռ ապահովելու եւ առանցքային հարցերու շուրջ իր ազդեցութիւնը ընդլայնելու։
– Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ԵՄ-ն կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն յարգելու յունիս 7-ի քուէարկութեան արդիւնքները եւ ընտրական վէճերը լուծելու բացառապէս իրաւական ճանապարհով։ ԵՄ-ի յայտարարութիւնը, յղում կատարելով ԵԱՀԿ-ի նախնական գնահատականներուն, ընտրութիւնները բնորոշեց որպէս ընդհանուր առմամբ ներառական եւ իրաւական ամուր հիմքի վրայ կազմակերպուած գործընթաց՝ միաժամանակ պնդելով, թէ նախընտրական շրջանը անցած է Ռուսիոյ «աննախադէպ միջամտութեան» պայմաններուն մէջ։ Սակայն յայտարարութիւնը չանդրադարձաւ ընտրախախտումներու, վարչական լծակներու չարաշահման, ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւններու եւ ընտրողներու նկատմամբ ճնշումներու մասին տեղական ու միջազգային դիտորդներու արձանագրած մտահոգութիւններուն, ինչպէս նաեւ անտեսեց արեւմտեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ ընտրարշաւի ընթացքին Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացներուն կատարած հրապարակային միջամտութիւններն ու գործող իշխանութեան ցուցաբերած բացայայտ աջակցութիւնը։
– Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեան համար տակաւին անհրաժեշտ է լուծել շարք մը «սկզբունքային եւ կարեւոր հարցեր»՝ առանց մանրամասնելու անոնց բովանդակութիւնը։ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ ան կրկին ակնարկեց Պաքուի երկարատեւ պահանջներուն, մինչ Ատրպէյճանը կը շարունակէ պնդել, թէ Հայաստանը պէտք է փոխէ իր սահմանադրութիւնը եւ վերացնէ Անկախութեան հռչակագիրին յղումը՝ զայն ներկայացնելով որպէս «տարածքային պահանջ» Ատրպէյճանի նկատմամբ։