Տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան վարիչներու վերաորակաւորման սեմինարը

Յունիս 5-7 շաբաթավերջին ընթացքին, Քեպէգի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան վարիչներու վերաորակաւորման սեմինարը, մասնակցութեամբ 34 վարիչներու եւ Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին, որոնք ժամանած էին Քեպէգէն, Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն եւ Վանգուվըրէն։ 

Սեմինարի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ երեկոյեան։ Դաստիարակչական ծրագրին մշակմամբ զբաղող ընդհանուր պատասխանատուն վարիչներուն բացատրեց սեմինարին նպատակը, անոնց բաժնեց անհատական թղթապանակներ եւ ներկայացուց սեմինարին օրակարգը։

Երեք օրերու ընթացքին, համագործակցութեան (team-building – ընկհ. Նորա Արուշեան), նախահաշիւի պատրաստութեան եւ նիւթականի կարգաւորման (budget planning – ընկ. Հայկ Վանլեան) եւ միութեան տարբեր մասնաճիւղերուն միջեւ հաղորդակցութեան ու նիւթերու յստակ բաժանումի (ընկ. Սերոբ Գարայեան/ընկհ. Արիանէ Թասլաքեան) գործնական աշխատանոցներուն զուգահեռ՝ վարիչները ունկնդրեցին դաստիարակչական դասախօսութիւններ։ Անոնց փոխանցուեցան հետեւեալ նիւթերը. «Պատանիին տարիքային հանգրուանները» (ընկհ. Նորա Արուշեան), «Վարչակարգեր» (ընկ. Գրիգոր Դերձակեան), «Conflict Resolution» (ընկհ. Լորի Ապրաքեան), «Public Speaking» (պրն. Զաւէն Կէօնճեան) եւ «Ինչպէ՞ս ներգրաւել նոր պատանիներ» (ընկհ. Փաթիլ Եսայեան)։

Զոյգ օրերու երեկոյեան, վարիչները մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին իրարու հետ, խմբուեցան խարոյկին շուրջ, երգեցին ազգային-յեղափոխական երգեր եւ զուարճացան խմբային խաղերով։

Շաբաթավերջի ընթացքին, վարիչները իրարու հետ խորհրդակցելով՝ կրկին անգամ նկատեցին, թէ ինչքան անհրաժեշտ եւ կարեւոր է իրենց խաղացած դերը՝ հայրենատէր սերունդի մը դաստիարակութեան հարցով եւ վճռեցին նոր թափով շարունակել իրենց առաքելութիւնը։

Կիրակի կէսօրէ ետք սեմինարը պաշտօնապէս փակուեցաւ, եւ բոլորը խանդավառ ու նոր գիտելիքներով զինուած վերադարձան իրենց շրջանները։

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին