Իսրայէլեան հետախուզական ուժեր տեղակայուած եղած են Ատրպէյճանի մէջ՝ Իրանի դէմ գործողութիւններուն աջակցելու համար

CNN-ի հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն, Իսրայէլ գաղտնի կերպով ռազմական եւ հետախուզական ուժեր տեղակայած է Ատրպէյճանի մէջ՝ Իրանի դէմ պատերազմի ընթացքին հետախուզական աջակցութիւն ապահովելու նպատակով։

Աղբիւրներու փոխանցումով, իսրայէլեան ստորաբաժանումները գործած են Ատրպէյճանի հարաւային շրջաններուն մէջ, Իրանի սահմանին մօտ, եւ իրականացուցած են հետախուզական առաքելութիւններ եւ անօդաչու սարքերու գործածութիւն։ Անոնք նաեւ նպաստած են իրանական ռազմական շարժերու եւ հրթիռային արձակումներու վերաբերեալ տեղեկութիւններու հաւաքագրման։

CNN-ը կը նշէ, թէ Ատրպէյճանը երկար ժամանակէ ի վեր Իսրայէլի կարեւոր ռազմավարական գործընկերն է Իրանի դէմ քաղաքականութեան մէջ։ Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, նման գաղտնի գործողութիւններ իրականացուած են նաեւ Իրաքի, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու եւ Սոմալիլենտի մէջ։

ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը հերքած է հրապարակուած տեղեկութիւնները՝ յայտարարելով, որ Ատրպէյճանի տարածքը չ՚օգտագործուիր երրորդ երկիրներու դէմ գործողութիւններու համար։