614,309 տոլար՝ ի նպաստ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին
- (0)

Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը յայտարարած է, թէ մարտին կազմակերպուած «Թելեթոն 2026» տարեկան նուիրահաւաքը հանգանակած է 614,309 տոլար՝ զգալիօրէն գերազանցելով նախատեսուած 500,000 տոլարի թիրախը։
Վարժարանին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնուած է բոլոր նուիրատուներուն, աջակիցներուն եւ հովանաւորներուն՝ ընդգծելով, որ այս յաջողութիւնը թորոնթոհայ համայնքի միասնականութեան, առատաձեռնութեան եւ վարժարանի առաքելութեան հանդէպ վստահութեան արտայայտութիւնն է։
Վարժարանը նաեւ շեշտած է, թէ հանգանակուած գումարը պիտի ծառայէ աշակերտներու բարձրորակ կրթութեան եւ ազգային դաստիարակութեան ամրապնդման։