Մայիս 28. Հայ ժողովուրդի անկոտրում կամքի եւ անկախութեան յաղթանակի 108-ամեակը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մէջ կան թուականներ, որոնք պարզ տարեթիւեր չեն, այլ ազգային վերածնունդի, հաւաքական կամքի եւ յարութեան խորհրդանիշներ են։ Այդպիսի լուսեղէն ու ճակատագրորոշ օր մըն է 1918 թուականի Մայիս 28-ն՝ հայոց պետականութեան վերածնունդին, անկախութեան վերահաստատման եւ ազգային գոյատեւման փառապանծ թուականը։

20-րդ դարու սկզբնաւորութեան, երբ հայ ժողովուրդը տակաւին չէր ապաքինած Հայոց ցեղասպանութեան արիւնաքամ վէրքերէն, եւ երբ ամբողջ ազգ մը կորստեան ու տարագրութեան անդունդին եզրին կը գտնուէր, ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ ջարդերէն ընդամէնը երեք տարի անց, հայ ժողովուրդը պիտի կարենար իր մոխիրներէն յարութիւն առնել եւ անկախ պետականութիւն կերտել։ Սակայն պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ երբ հայ ժողովուրդը կանգնի գոյութենականութեան ու ոչնչացման սահմանագիծին, անոր հոգեկան կորովն ու ազգային կամքը կը դառնան հրաշքներ գործող ուժ։

1918-ի մայիսեան ճակատամարտերը՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի, եղան ոչ միայն ռազմական յաղթանակներ, այլեւ ազգի փրկութեան գոյամարտեր։ Օրհասական այդ օրերուն Երեւանէն հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, «հայոց լեռներում յայտնուած ոգի» Արամ Մանուկեանի անմահ կոչը՝ «Ամէն բան ու ամէն ոք՝ դէպի ճակատ»։ Այդ կոչը դարձաւ ամբողջ ազգին գոյամարտի կարգախօսը։ Նահանջը վերածուեցաւ գրոհի, յուսալքումը՝ հաւատքի, իսկ պարտութիւնը՝ յաղթանակի։

Արամ Մանուկեան, Դրօ, Մովսէս Սիլիկեան, Դանիէլ Բէկ-Փիրումեան, Զօրավար Նազարբէկեան, Գարեգին Նժդեհ եւ բազում յայտնի ու անյայտ հերոսներ իրենց խիզախութեամբ կերտեցին անկախութեան հրաշքը։ Անոնց արեան ու զոհողութեան գնով 1918 թուականի Մայիս 28-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ Վեց դարերու ընդմիջումէ ետք վերահաստատելով հայոց անկախ պետականութիւնը։ Յարգանք մեր յեղափոխական սերունդին ու անոր յայտնի եւ անյայտ բոլոր հերոսներուն, որոնք իրենց թանկագին կեանքը զոհաբերեցին հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան, որպէսզի հայ ժողովուրդը յարութիւն առնէ մայիսեան արշալոյսով՝ ապրելու ազատ եւ անկախ իր սեփական հողին վրայ։

Թէեւ Առաջին Հանրապետութեան կեանքը եղաւ կարճատեւ, սակայն անոր ստեղծած հոգեւոր ու ազգային ժառանգութիւնը դարձաւ հետագայ բոլոր սերունդներուն ներշնչման աղբիւրը։ Անկախ պետականութեան գաղափարը այլեւս անջնջելի կերպով դրոշմուեցաւ հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ։ Սփիւռքի մէջ ցիրուցան դարձած հայորդիներն անգամ զգացին, թէ իրենք ունին հայրենիք, պետականութիւն եւ ազգային արժանապատուութիւն։

Այսօր հայ ժողովուրդի զաւակները, գօտեպնդուած անկախ հայրենիքի պետականութեան ստեղծումով, կը շարունակեն պայքարիլ ու հետապնդել Հայոց ցեղասպանութեան ու Հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքները ամէնուրեք, եւ համախմբուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի դրօշներուն ներքոյ՝ կը տօնախմբեն Հայաստանի անկախութեան 108-րդ փառահեղ տարեդարձը։

1988-ի ազգային զարթօնքը եւ ապա 1991-ի վերանկախացումը նոյն այդ մայիսեան ոգիին շարունակութիւնն էին։ Հայ ժողովուրդը դարձեալ ապացուցեց, որ իր կամքը անկոտրուն է, իսկ անկախ ապրելու իրաւունքը սակարկութեան ենթակայ չէ։ Արցախեան ազատամարտը եւս ծնունդ առաւ այդ նոյն ազգային գիտակցութենէն՝ իբրեւ պայքար ազատ ապրելու, սեփական հողին վրայ արժանապատիւ գոյութիւն պահպանելու համար։

Սակայն մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութիւնը նաեւ դառն ու ցաւագին փորձութիւններու ականատես եղաւ։ Արցախեան գոյամարտի բոցերու օրերուն հերոսաբար ինկած մեր նահատակներու անարատ արեան կանչը տակաւին կը մղկտայ հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ։ 44-օրեայ պարտադրուած ու աղէտալի պատերազմը խորապէս ցնցեց հայուն հոգեկան ներաշխարհը եւ ծանր հարուած հասցուց անկախ հայրենիքին շուրջ համախմբուած համահայկական միասնականութեան։ Առաւել եւս, Արցախ հայաշխարհը դաւադրաբար յանձնած ՀՀ վարչապետ կոչեցեալ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած պարտուողական համաձայնագիրը ցասումի, ընդվզումի եւ խոր անհանդուրժողականութեան հսկայ ալիք բարձրացուց Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բազմահազար հայորդիներու հոգիներուն մէջ։ Սակայն նոյն այդ ողբերգական իրադարձութիւնները նաեւ նորոգեցին ազգային ինքնագիտակցութեան հրամայականը՝ յիշեցնելով, որ Մայիս 28-ի ոգին տակաւին կենդանի է եւ կը շարունակէ հայ ժողովուրդը առաջնորդել դէպի իր ազգային արժանապատուութեան ու ազատութեան պայքարը։

Այսօր, 108 տարի անց, Մայիս 28-ն մեզ կը հրաւիրէ նորոգելու մեր ազգային ուխտը։ Մեզի կը պարտաւորեցնէ ամրացնել Հայաստանի պետականութիւնը, պաշտպանել մեր ազգային իրաւունքներն ու սահմանները, պահպանել հայկական ինքնութիւնը եւ սերունդներուն փոխանցել ազատ ապրելու կամքը։ Ազատութիւնն ու անկախութիւնը մեզի շնորհուած պարգեւներ չեն եղած երբեք. անոնք ձեռքբերուած են պայքարով, զոհողութեամբ եւ սրբազան արիւնով։

Հայ ժողովուրդի ապագան կախեալ է մեր միասնականութենէն, ազգային գիտակցութենէն եւ հայրենասիրական նուիրումէն։ Մեր հազարամեայ պատմութիւնը, մեր նահատակներն ու հերոսները մեզի կը յիշեցնեն, որ պարտաւոր ենք շարունակել անոնց սկսած պայքարը՝ յանուն ազատ, անկախ եւ հզօր Հայաստանի։

Պատմական այս հանգրուանին, ժամանակն է ցոյց տալու միասնական մեր ոգին, ցոյց տալու յարատեւելու վճռակամութիւնը, եւ հաւատացէ՛ք, որ մեր բռունցքը կը դառնայ անյաղթ, ու Հայ դատը ի վերջոյ կը յանգի իր արդար լուծումին։

Փա՜ռք ու պատիւ 1918 Մայիս 28-ն կերտող հերոսներուն, հայ ազգի ազատութեան ճանապարհին մարտնչած ու հերոսական մահով նահատակուած բիւրաւոր հայորդիներուն, անկախութեան համար նուիրաբերուած հազարաւոր ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց կեանքի միակ նպատակը դարձուցած էին ծառայել Հայրենիքին եւ արեան ու մահուան գնով հասնիլ հայ ժողովուրդի վեհ նպատակներուն՝ Ազատ, Անկախ, ամբողջականօրէն հայ ու ամբողջականօրէն Միացեալ Հայաստանին։

108-ամեայ այս պատմական տարեդարձին առիթով գլուխ կը խոնարհենք 1918-ի մայիսեան հերոսներուն, Արցախեան ազատամարտի նահատակներուն եւ բոլոր այն հայորդիներու անմեռ յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքը ընծայաբերեցին հայրենիքի սրբազան բագինին։ Անոնց անմահ սխրանքը վստահաբար պիտի շարունակէ լուսաւորել մեր ժողովուրդի ճանապարհը եւ առաջնորդէ մեզ դէպի ազգային վերածնունդ՝ անկախ ու միացեալ Հայաստանի նոր ու վարդահեղեղ արշալոյս։

Թորոնթօ