Քոչարեան․ Խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է ունենայ միջազգային երաշխիքներ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ եւ «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարած է, թէ առանց յստակ երաշխիքներու համակարգի խաղաղութեան համաձայնագիր մը չի կրնար կենսունակ եւ տեւական ըլլալ։

Վայքի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Քոչարեան անդրադարձած է այն հարցին, թէ ինչպէս պիտի շարունակուին բանակցութիւնները, եթէ իրենց քաղաքական ուժը իշխանութեան գայ։

«Մենք զերոյէն պիտի չսկսինք։ Այսօր վերջնական խաղաղութեան պայմանագիր գոյութիւն չունի, այլ՝ նախաստորագրուած փաստաթուղթ մը։ Մենք երբեք չենք ըսած, թէ իշխանութեան գալով պիտի պատռենք այդ փաստաթուղթը եւ աղբաման նետենք», ըսած է ան։

Քոչարեանի համաձայն՝ թէեւ սխալ էր փաստաթուղթը ներկայ պայմաններուն տակ նախաստորագրելը, սակայն այժմ անհրաժեշտ է զայն լրացնել յաւելուածներով, որոնք պիտի ստեղծեն իրական երաշխիքներու համակարգ մը։

Ան նշած է, թէ առաջին հերթին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է յստակ կերպով սահմանէ այն հետեւանքները, որոնք պիտի կիրառուին համաձայնագիրը խախտող կողմին նկատմամբ։

Քոչարեան նաեւ կարեւոր նկատած է երաշխաւոր պետութիւններու ներգրաւումը՝ առաջարկելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան միասնաբար ստանձնեն այդ դերակատարութիւնը՝ շահերու հաւասարակշռութիւն ապահովելու համար։ Ան նաեւ ցանկալի նկատած է Եւրոպական Միութեան մասնակցութիւնը, իսկ իտէալական տարբերակ համարած՝ ԱՄՆ-Ռուսիա-Չինաստան ձեւաչափը։

Ան վստահութիւն յայտնած է, թէ նման համակարգի բացակայութիւնը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը նման անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, մինչ հայկական կողմը նոյնիսկ հարցը չի բարձրացներ։