Չզրկուինք կախարդական այս պահէն
- (0)

Համազգային-Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի տարեկան համերգը, Քնար երգչախումբի կատարողութեամբ, տեղի կ՚ունենայ յառաջիկայ շաբաթ, 23 մայիսին, Գոլեժ Պոպուայի համերգասրահին մէջ, ղեկավարութեամբ Սարգիս Պարսեմեանի, ընկերակցութեամբ դաշնակահարուհի Հուրի Մանուկեանի եւ ուրիշ գործիքներով խմբակի մը։
Այս տարի համերգը նուիրուած է ազգային անուանի երգահան Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան հարիւրամեակին։

Ճոխ յայտագրին վրայ պիտի ըլլան Աւետիսեանի ծանօթ ու երբեմն նոյնիսկ մեզի անծանօթ երգերէն շատեր, ինչպէս՝ «Տաւիղ»-ը կամ խմբավարին իսկ մշակած «Երեւանի ջուր»-ը, Մայքըլ Ճաքսընէն եւ ոչ-հայ ուրիշ յօրինողէ մը երգեր, վերջապէս հայկական ժողովրդական խանդավառ ու սիրուած երգերու ամբողջ շարք մը։
Պարսեմեան դիտել կու տայ, թէ «այս երեկոն մեր երգչախումբի իւրաքանչիւր անդամի նուիրումի, կարգապահութեան եւ երաժշտութեան հանդէպ սիրոյ իսկական վկայութիւն մըն է» եւ շնորհակալ կ՚ըլլայ, որ «այս կախարդական պահը» պիտի բաժնենք իրենց հետ։
Ուստի մի՛ զրկուիք, աճապարեցէք ու ապահովեցէք ձեր տոմսերը հեռաձայնելով Սիլվի Մերճանեանին՝ (514) 773-9391 թիւին։ Բարի վայելում։