ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի մասնաճիւղը վերելքի եւ նորագոյն իրագործումներու փուլին

Մինչ ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի մասնաճիւղը կը թեւակոխէ իր 2025-2026 տարեշրջանի երկրորդ կիսամեակը, 5 մայիս 2026-ին, «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ կիսամեայ անդամական ժողովը։ Այս առիթով, գործող վարչութիւնը ներկայացուց կիսամեայ նիւթաբարոյական ամփոփ տեղեկագիր մը։ Ժողովը քննարկեց նոր կայքէջի, կրթաթոշակի ծրագրի, մարզական, սկաուտական ու փողերախումբի գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ մօտիկ ապագային նախատեսուած ձեռնարկներու կազմակերպիչ նոր յանձնախումբերու կազմութիւնը։

Առաջին հերթին, ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի վարչութեան ատենապետ եղբայր Արբի Ղազարեան անդրադարձաւ մասնաճիւղի կազմակերպչական մարզին՝ գնահատելով սկաուտական խորհուրդը, մարզական յանձնախումբը, մարզիչներն ու խմբապետները, սկաուտներն ու մարզիկները, եւ յատկապէս՝ անխոնջ կամաւորներն ու ծնողները։ Յաջորդող ներկայացումները անդրադարձան մարզական եւ սկաուտական ծրագիրներու շարունակական ծաւալման, մշակութային ու համայնքային ձեռնարկներու կարեւորութեան, գործակցութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ընթացիկ ու ապագայ ծրագիրներուն նախապատրաստական աշխատանքներուն։

Կիսամեայ անդամական ժողովի տուեալներուն համաձայն՝ մասնաճիւղը այժմ կը հաշուէ 708 գործուն անդամներ։

Սկաուտութիւն. առաջնորդութեան եւ ծառայութեան բոյն

Սկաուտական շարժումը ոչ միայն հիմնարար արժէքներ կը փոխանցէ, այլեւ գործնական ներդրում կը կատարէ մեր երիտասարդութեան ապագայի կերտման մէջ։ Այսօր, սկաուտական խումբը կը հաշուէ 366 սկաուտներ հետեւեալ պատկերով. 36 մոկլի, 26 ջրշուն, 45 գայլիկ, 37 արծուիկ, 34 արի, 33 արենուշ, 32 երէց, 41 պարմանուհի, 17 աւագ երէց, 63 խմբապետ, մեր մասնաճիւղի խմբապետ եղբայր Հրատ Քուշեան եւ մասնաճիւղի խմբապետուհի քոյր Լէա Ճանկուզեան։

Ժողովին ընթացքին, քոյր Ժիւլի Հինտոյեան ամփոփ կերպով ներկայացուց սկաուտական գործունէութիւնները՝ յատուկ շեշտադրում կատարելով ենթայանձնախումբերու արդիւնաբեր աշխատանքներուն վրայ։ Օրինակ՝ Տեառնընդառաջի ենթայանձնախումբը, որ ստանձնած էր աւանդական խարոյկի պատրաստութիւնն ու ապահովական բոլոր միջոցներուն կազմակերպումը։ Պատասխանատուութեամբ, կարգապահութեամբ եւ ծառայողական իսկական ոգիով՝ անոնք յաջողեցան համախմբել համայնքը եւ ստեղծել ջերմ ու հաճելի հաւաքոյթ մը։

Ներկայիս, ժրաջան աշխատանք կը տանի նաեւ մայիս 28-ի տողանցքի ենթայանձնախումբը, որ կը պատրաստէ տողանցքին յաջորդող տօնական խրախճանքը։ Այս բոլորին կողքին, կազմակերպչական եռուն աշխատանքները անդադար կը շարունակուին․ այսպէս, աշնանային ու ձմեռնային բանակումները դարձեալ փաստեցին ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի սկաուտական կազմի բարձր կարողականութիւնը՝ կերտելու վաղուան տիպար առաջնորդները։

Կիսամեայ անդամական ժողովը նաեւ յատուկ անդրադարձ կատարեց համա-ՀՄԸՄական 13-րդ բանակումին։ Թէ՛ վարչութիւնը, թէ՛ գործունեայ սկաուտական խորհուրդն ու սկաուտական կազմը անխոնջ ջանք կը թափեն եւ հանգանակութեան ծրագիրներ կ’իրականացնեն՝ օժանդակելու համար Հայաստանի բանակումին մեր սկաուտներու մասնակցութեան ճամբու ծախսերուն (այս ծիրէն ներս՝ Արծուիկները մայիս 17-ին կազմակերպած են յատուկ նախաճաշ մը «Կէօնճեան կենդրոն»-ին մէջ)։ Բարձր կը գնահատենք բոլոր նուիրատուներուն եւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան եւ ՀOՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան աջակցութիւնը:

Քանի որ մեր ուժը մեր միութեան մէջ է, իսկ Հայաստանի մէջ միանալը՝ աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած հայ սկաուտներու հետ, մեր ուխտի վերանորոգումն է՝ ըլլալու հայ, ապրելու հայօրէն եւ գոյատեւելու որպէս հայ։

Սկաուտները ոչ միայն կը սորվին ըլլալ մտքով ու գործով իսկական ղեկավարներ, այլեւ իրենց կամաւորական նախաձեռնութիւններով կը դառնան եղբայրասիրութեան տիպար օրինակներ։ Յառաջիկայ ծրագիրները կ’ընդգրկեն մայիսեան յաղթանակներու տողանցքն ու ամառնային մեծ բանակումը։

Յատուկ յիշատակութեան արժանի է նաեւ մասնաճիւղի փողերախումբը՝ իր 15 անդամներով, եղբայր Գօգօ Թաթոյեանի ղեկավարութեամբ, որ իր հանդիսաւոր նուագակցութեամբ կը շարունակէ շեփորահարել համայնքային տողանցքներն ու տօնակատարութիւնները։ Այս առումով, հարկ է յիշել անցնող ապրիլ ամսուան ձեռնարկներուն անոնց համագործակցական բացառիկ մասնակցութիւնը, Լաւալի մասնաճիւղին կողքին, դէպի Լաւալի յուշարձան կատարուած քայլարշաւին, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ձեռնարկին։

Մարզական կեանք. աշխուժութիւն եւ նոր նուաճումներ

Միւս կողմէ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն, ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի մարզական յանձնախումբը եւ ՀՄԸՄ Լաւալի մասնաճիւղը կազմակերպեցին 111-ամեակին նուիրուած յատուկ 7 քիլոմեթրի վազքարշաւ մը։ Ձեռնարկը համախմբեց աւելի քան 120 մասնակիցներ, որոնք միասնաբար վազեցին Մոնթրէալի Parc Marcelin-Wilson յուշարձանէն դէպի Լաւալի Parc de l’Espoir-ի յուշարձանը։

Մարզական յանձնախումբը, իր նոր կազմով, ձեռնարկեց նաեւ շարք մը նոր նախաձեռնութիւններու, որոնց կարգին են ծնողներուն ուղղուած հարցախոյզերը (surveys)՝ յայտագիրներու որակը հետեւողականօրէն բարելաւելու եւ արդիականացնելու նպատակով։ Որմէ ետք վարչութեան առաջարկով  ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի կողովագնդակի  ենթայանձնախումբը վերանորոգեց գործածութիւնը HEJA app-ին, իսկ  ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի վարչութիւնը որդեգրեց հաղորդակցութեան նոր միջոցներ, ինչպէս՝ Whatsapp Chanel-ն ու Հայ կեդրոնի ցուցաբեղկին մէջ զետեղուած յայտարարութիւններու ելեկտրոնային ցուցադրութեան պաստառը՝ écran d’affichage numérique։

Եղբայր Զօհրապ Շահինեան մանրամասն ներկայացուց մարզական բաժանմունքի ներկայ պատկերը.

Կողովագնդակ (Basketball)

242 մարզիկներ եւ 17 խումբեր։

– Խումբերու մեծամասնութիւնը կը մասնակցի Քեպէգի կողովագնդակի լիկային (Ligue basketball Québec- LBQ), իսկ 4 խումբեր՝ Լաւալի կողովագնդակի լիկային (Ligue de Basketball de Laval

– Ընդհանուր առմամբ մասնակցութիւն բերուած է 7 տարբեր մրցաշարքերու։

Mini տղոց խումբը հանդիսացաւ LBQ-ի ախոյեան, իսկ Cadet աղջկանց խումբը տիրացաւ Lions d’Anjou մրցաշարքի ախոյեանութեան տիտղոսին։

– Տարեշրջանը կը շարունակուի մինչեւ մայիս ամսուան վերջը։

Ոտնագնդակ (Soccer)

Աշնան եւ ձմրան շրջաններուն արձանագրուած էր 128 մարզիկ։ Խումբերու բաժանումները հետեւեալն են, ըստ նահանգային օրէնքներուն.

Ծիլ (2 խումբ)

Արական փոքր

Իգական երէց

Արական վեթերաններ

Ամառնային Շրջանի փորձեր.- Տեղի պիտի ունենայ մայիս 16-էն Օգոստոս 29, Լաւալի Club extérieur du Carrefour Multisports-Tomahawk դաշտին վրայ, շաբաթ առաւօտեան ժամը 9:00-էն 13:00։ Ներկայիս արձանագրուած մարզիկներու թիւն է 51։

Վոլիպոլ (Volleyball)

Կը հաշուէ 26 անդամ։ Խումբերը հետեւեալն են.

Իգական կրտսեր (Junior Girls)

Co-Ed Երէց (Co-Ed)

Ճոկանախաղ(Hockey en gymnase-Floor Hockey)

Ներկայիս մարզական յանձնախումբը լուրջ աշխատանք կը տանի ճոկանախաղի աւագ մակարդակի խումբ մը հիմնելու ուղղութեամբ, նպատակ ունենալով ապագային կազմել նաեւ աւելի փոքր տարիքի խումբեր։

Մարզականի օրացոյց (յառաջիկայ ամիսներուն)

Շաբաթ, Յունիս 20 – Յունական երեկոյ, կազմակերպութեամբ մարզական յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ bouzoukiste Թորոս Նաքաշեանի։

Յուլիս 2-5 – Մասնակցութիւն ՀՄԸՄ Արեւելեան շրջանի Նաւասարդեան խաղերուն, Մելվիլ, Նիւ Եորք, ԱՄՆ:

– Յուլիս 25-26 – Նահանգային մարզական խաղեր, Մոնթրէալի մէջ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի, ՀՄԸՄ Լաւալի եւ ՀՄԸՄ Օթթաուայի։

Նոյեմբեր 27-29 – ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային մարզական խաղեր Թորոնթոյի մէջ:

Ըստ յատուկ օրացոյցի՝ աշնան – «Well-Being Program» առողջապահական մասնագիտական դասախօսութիւններ եւ աշխատանոցներ։

Արդիականացում եւ հայեացք դէպի 2027

Տեղեկագիրը նաեւ լոյս սփռեց վարչական գործընթացի արդիականացման ուղղութեամբ թափուած ջանքերուն վրայ։ Անոնցմէ կարեւորագոյնն է պաշտօնական նոր կայքէջի պատրաստութիւնը, որուն նպատակն է մասնաճիւղի լուրերն ու ծրագիրները դարձնել աւելի կոկիկ եւ մատչելի։

Եղբայր Ժագ Չարֆաճեան, որ կը համակարգէ նոր կայքէջի ստեղծման եւ բովանդակութեան պատրաստութեան աշխատանքները, ներկայացուց արձանագրուած յառաջընթացը եւ կոչ ուղղեց անդամներուն՝ միանալու քարոզչական յանձնախումբին, կիսելու իրենց գաղափարներն ու փորձառութիւնը, որպէսզի կայքէջը ըլլայ աւելի աշխոյժ, արդիական եւ մշտապէս թարմացուող։

Այնուհետեւ, քոյր Արմենուհի Վարդանեան ներկայացուց կրթաթոշակի նոր ծրագիրն ու յատուկ հիմնադրամի (ֆոնտի) ստեղծումը։ Ան բացատրեց, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է քաջալերել ուսումնական յարատեւութիւնն ու ակադեմական յաջողութիւնը, ինչպէս նաեւ արժեւորել երիտասարդներու համայնքային, սկաուտական ու մարզական ներգրաւուածութիւնը ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալէն ներս՝ նիւթապէս օժանդակելով երկրորդականէն ետք աւելի բարձր ուսման հետեւող մեր սաներուն։

Քոյր Արմենուհին վերստին շեշտեց ենթայանձնախումբերու՝ իբրեւ միութեան շարժիչ ուժի կարեւորութիւնը եւ հրաւիրեց հետաքրքրուած անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերելու տարբեր յանձնախումբերու մէջ։ Անոնցմէ յատկապէս յիշուեցան՝ ՀՄԸՄ Գանատայի 2027-ի մարզական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբը եւ ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի 70-ամեակի յանձնախումբը, որուն 2028-ի յոբելեանական տօնակատարութիւնները պիտի սկսին 2027-ի աշնան։

Պատմական ակնարկ եւ ապագայի տեսլական

Նախքան ժողովի փակումը, եղբայր Արբի յարգանքով յիշեց ՀՄԸՄ Մոնթրէալի հիմնադրութեան պատմական թուականը՝ 8 մարտ 1958-ն, երբ տեսլական ունեցող խումբ մը հիմնադիրներու կողմէ դրուեցան մասնաճիւղի հիմնաքարերը, որ յետագային՝ 26 Յունիս 1966-էն սկսեալ, «ՀՄԸՄ եւ ԿԱՄՔ Մոնթրէալի մարզական միութիւնները միաձուլուած են մէկ անուան տակ՝ ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալ, նկատի ունենալով սփիւռքահայ երիտասարդ սերունդին ազգային ու մարզական կրթութիւնը, եւ բարգաւաճ գանատահայ կեանք մը, ստեղծելու համար», ըսաւ ան։

ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալը տասնամեակներ շարունակ հաւատարիմ մնացած է հայապահպանման իր վսեմ առաքելութեան։ Այսօր, գործող վարչութեան գերագոյն նպատակն է նոյն նուիրումով եւ թափով շարունակել այդ աշխատանքը։ Եւ այսպէս անդամակցութեան աճը, մարզական նուաճումները, սկաուտական բազմաբնոյթ գործունէութիւններն ու արդիականացման հաստատուն քայլերը կը կազմեն մասնաճիւղի հիմնական նպատակը Մոնթրէալի հայ համայնքէն ներս։

Ուստի, բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին դառնալ ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի անդամ կամ արձանագրուիլ մարզական ու սկաուտական մարզերուն եւ կամ ամբողջացնել ցենզի վճարումը, կրնան կապ հաստատել մասնաճիւղի վարչութեան հետ, գրելով հետեւեալ Ե-նամակին` homenetmen.gamk.executive@gmail.com